Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Արձանագրած Պատուաբեր ԱրդիւնքներԸ՝ ԼԵՎԱՄ-Ի Մրցաշարքին

Կիրակի, 7 Մայիս 2017-ին, Աղբալեան Մարզամշակութային Համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի փակման հանդիսութիւնը, պասքէթպոլի աւարտական մրցումները եւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Վարժարանս ԼԵՎԱՄ-ի 2016-2017 տարեշրջանը աւարտեց հետեւեալ բաժակներով.
Մեծ Ֆութպոլ
Ա. դիրք (Լաւագոյն մարզիկ՝ Խաչիկ Նորաշխարհեան)
Մինի ֆութպոլ
99/00
Ա. դիրք (Լաւագոյն մարզիկ՝ Պետիկ Թութիկեան)
Պասքէթ
02/03/04 Աղջիկներ Բ. դիրք (Լաւագոյն մարզուհի՝ Կալի Ատուրեան)
99/00/01 Աղջիկներ Բ. դիրք (Լաւագոյն մարզուհի՝ Լուչիանա Գազճեան)
01/02 Աղջիկներ Գ. դիրք
99/00 Տղաք Բ.դիրք
Դաշտային Խաղեր Բ. դիրք
ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող վարժարաններու տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Իւրաքանչիւր վարժարան կը հպարտանայ իր մարզիկներով, իր մետալներով, իր բաժակներով, իր արձանագրած յաջողութիւններով: Այս մէկը ե՛ւ տնօրէնութիւնները, ե՛ւ աշակերտները կը մղէ ձգտելու միշտ բարձրին, եւ աւելի պատասխանատուութիւն կը ստեղծէ անոնց մօտ՝ ներկայացնելու միշտ լաւը: Այս մէկը կը կատարուի միայն ինքզի՛նք գերազանցելու ձգտումը զարգացնելու առումով, ըլլա՛յ մարմնամարզի, կրթութեան, թէ ապագայ ասպարէզի բնագաւառներուն մէջ, միշտ պահելով համեստ ու ազնուական կեցուածք»:
Այս առիթով Տիկ. Պոյաճեան առաջարկեց մեր բոլոր վարժարաններուն մէջ աւելի’ կարեւորութիւն ընծայել մարզական դաստիարակութեան, աւելիով քաջալերել մարզական կարողութիւններ ունեցող աշակերտները եւ զանոնք պատրաստել ոչ միայն որպէս մարզիկ աշակերտներ, այլ որպէս Հայ Դատի զինուորագրեալներ, որոնք օր մը կրնան հայ ազգը ներկայացնել մարզական միջազգային հարթակներու վրայ ու բարձր պահել հայ անունն ու դրօշը:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ