25 Տարի Առաջ Այս Օրը Ազատագրուեցաւ Բերձորը (տեսանիւթ)

1992 թուականի այս օրը` Մայիս 18-ին, հայկական բանակները ազատագրեցին Հայաստանը Արցախին կապող կենսական նշանակութիւն ունեցող Բերձոր (Լաչին) քաղաքը:
Քաղաքին միջէն անցնող ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը, մինչեւ հիմա կը համարուի հայկական երկու պետութիւնները իրար կապող ամենայարմար «երակ»-ը, իսկ այն ժամանակ անիկա «կեանք»-ի միջանցք էր Արցախի համար: Քաղաքի ազատագրումով սկսաւ նաեւ ամբողջ շրջանի` Քաշաթաղի շրջանի ազատագրումը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
ԼՂՀ-ն ծանրագոյն վիճակի մէջ էր` չկար ելեկտրականութիւն եւ կազ: Զինամթերքի, սննդամթերքի, դեղորայքի, վառելիքի անհրաժեշտ նուազագոյն քանակը կը տեղափոխուէր քաղաքացիական թռիչքուղիներու ուժերով:
Մայիս 13-ին շարունակուեցաւ հայկական ուժերու կեդրոնացումը Զարասլի գիւղին մօտ, որ կը գտնուի Շուշիի ու Լաչինի միջեւ: Այստեղ կեդրոնացուած էին զինամթերքի տասնեակ միաւորներ եւ մեծաքանակ կենդանի զինուժ: Լաչինի հետ կապը խզուած էր, այնտեղ աւերուած էին հիւանդանոցը, դպրոցը, տեղական կառավարման մարմնի շէնքը:
Մայիս 15-ին հայկական ջոկատները գրոհեցին բարձունքի վրայ գտնուող Աղդամի շրջանի Գիւլաբլու գիւղը: Ատրպէյճանական զօրքերը, ունենալով քանակային եւ դիրքային առաւելութիւն, ետ մղեցին գրոհը: Գիւլաբլիի բարձունքէն հակառակորդը կը գնդակոծէր Ստեփանակերտի եւ հայկական այլ բնակավայրերու քաղաքացիական բնակչութիւնը: Մայիս 17-ին հայկական ուժերը ետ մղեցին ատրպէյճանական բանակին գրոհը Շուշիի ուղղութեամբ, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 1000 զինուոր` 20 հրասայլերու եւ այլ զրահամեքենաներու մասնակցութեամբ:
ԼՂՀ ինքնապաշտպանութեան ուժերու շտաբին տուեալներով, Լաչինի մէջ փոխհրաձգութիւն կ՝ընթանար ատրպէյճանցիներու զինուած ուժերուն եւ տեղաբնակ քիւրտերուն միջեւ: Սակայն, երբ վերսկսաւ երթեւեկութիւնը Բերձորէն Գորիսի շրջան՝ շրջանցիկ ճանապարհով, ատրպէյճանական ջոկատները, տեղի բնակչութեան հետ միասին, սկսան շտապ հեռանալ Լաչինէն:
Մայիս 18-ին, ՀՀ խորհրդարանի առաւօտեան նիստին, պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեան յայտնեց, որ բացուած է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհը: Օրուան երկրորդ կիսուն, Ատրպէյճանի ՊՆ ներկայացուցիչը խոստովանեցաւ Լաչինի անկումը: