Կառավարութիւնը Հրաժարական Տուաւ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/Նախագահ2.jpg)
Հայաստանի կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ եւ նախագահը ընդունեց զայն:
Այս առնչութեամբ, Հայաստանի նախագահի հրամանագիրին մէջ կ՛ըսուի.
«Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաuտանի Հանրապետութեան Uահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով եւ հաշուի առնելով, որ 2017 թուականի Մայիս 18-ին գումարուած է Հայաuտանի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը` կ՛որոշեմ.
- Ընդունիլ Հայաuտանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաժարականը:
- Հայաuտանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն` շարունակել պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը:
- Uոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ uտորագրման պահէն»:
Նշենք, որ ըստ օրէնսդրութեան, Ազգային Ժողովի անդրանիկ նիստին, այսօր կառավարութիւնը վար դրաւ իր լիազօրութիւնները, որմէ ետք 10 օրուան ընթացքին Հայաստանի նախագահը պիտի նշանակէ նոր վարչապետ: Վարչապետի նշանակումէն 20 օրուան մէջ պիտի նշանակուին կառավարութեան անդամները, իսկ ատկէ եւս 20 օրուան ընթացքին պիտի հաստատուի կառավարութեան ծրագիրը: