75 Տարեկանին Մահացած Է «Հայաստան. Ազգի Մը Գոյատեւումը» Գիրքի Հեղինակը Քրիստոֆըր Ջ. Ուոքերը

«Հայաստան.  Ազգի մը գոյատեւումը» (Armenia. Survival of a Nation) գիրքի հեղինակը ` բրիտանացի պատմագէտ եւ գրող Քրիստոֆըր Ջ. Ուոքեր, կրթութիւնը ստացած է Օքսֆորտի համալսարանին մէջ:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով accc.org.uk կայք-էջին, կը յայտնէ, որ հետաքրքրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան նկատմամբ` անոր մղեց առաւել խորութեամբ ուսումնասիրելու Հայաստանն ու անոր պատմութիւնը:Հետազօտական ուսումնասիրութեան նպատակով այցելած է Երեւան, Կարս, Անի, Վան, Ս. Էջմիածին: Այդ հետազօտութիւններու արդիւնքներն ամփոփուեցան 1980 թուականին հրատարակած «Հայաստան. ազգի մը գոյատեւումը» գիրքին մէջ, ուր կը ներկայացնէ այն յոյսերն ու հիասթափութիւնները, որոնք նախորդեցին 1915 թ-ի Հայերու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ: Ան դիտարկեց Մեծ տէրութիւններու դերն այդ խնդրին մէջ, որոնք  ունէին յատուկ պատասխանատուութիւն, բայց անոնք չդրսեւորեցին բաւարար քաղաքական կամք` զայն իրականացնելու համար:

Քրիստոֆըր Ջ. Ուոքերը ուսումնասիրած է նաեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրման տարիները:

Այս գիրքն իր մէջ կը ներառէ նաեւ աւելի քան 120 հայկական քաղաքական  եւ ռազմական  կերպարներու կենսագրութիւններ:

christpher-walker

Scroll Up