Վերանորոգուած «Արմէն» Ճամբարը Պիտի Դառնայ Ընկերամշակութային Կեդրոն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/170517-9.jpg)
«Ճումհուրիէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուցած է Թուզլայի հայկական «Արմէն» ճամբարը («Քամփ Արմէն») ընկերային-մշակութային կեդրոնի մը վերածելու առաջարկը, միաժամանակ արտօնելով, որ հոն դարձեալ հայերուն համար որբանոց մը կառուցուի:
Ինչպէս յայտնի է, ճամբարը երկար տարիներով գրաւուած էր, սակայն «Նոր Զարթօնք» շարժումի երիտասարդներուն կողմէ տարուած երկարատեւ պայքարէն ետք կարելի եղաւ զայն վերադարձնել Կետիկփաշայի աւետարանական եկեղեցւոյ: Ճամբարը ետ առնելու նպատակով այդ երիտասարդներուն կողմէ յառաջ տարուած պայքարը ուժ կ՛առնէր նաեւ այն յիշեցումէն, թէ տարաբախտ Հրանդ Տինք եւս ատենօք ապաստան գտած էր այս ճամբարին մէջ: 2015-ին այդ որբանոցը հասաւ փլուզման եզրին, եւ այդ ժամանակ էր, որ բողոքի պայքարը սկսաւ:
Ըստ պատրաստուած ծրագիրին` հաստատութեան մէջ պիտի կառուցուի համակարգիչի ու արհեստագիտութեան կեդրոն, երեք աշխատանոցներ, ձեռագործի ու երաժշտական գործիքներու աշխատանոց, ճաշարան, 200 անձ ընդունող լսարան, ուսանողներու համար կացարան եւ հիւր ուսանողներու բաժին: Համալիրին մէջ պիտի բացուի նաեւ որբանոցին անցեալը ցոլացնող ցուցահանդէս մը: Կեդրոնը պիտի ապրեցնէ Հրանդ Տինքի յիշատակը ու տարին 12 ամիս ծառայութիւն պիտի մատուցանէ համայնքին: Նաեւ պիտի պահպանուի կառոյցին նախնական տեսքը:
Գանձասար