Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթի Իշխանին Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/Արամ-Ա-1.jpg)
17 Մայիս 2017-ի առաւօտուն Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Քուէյթի իշխանին ապարանքը, ուր հանդիպում ունեցաւ շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան եւ Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան` Մահեր Խէյր:
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանին Քուէյթի հայութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար: Վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ հակառակ գաղութին պակսող կարելիութիւններուն, այսօր շնորհիւ իր զաւակներու տքնաջան աշխատանքին ու նուիրումին, գաղութը օժտուեցաւ սեփական նոր եկեղեցիով ու նոր առաջնորդարանով: Ապա, վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ եկեղեցւոյ շինութիւնը, ներկայ ժամանակներուն մանաւանդ, պերճախօս վկայութիւն մըն է Քուէյթի պետութեան քրիստոնէութեան նկատմամբ ունեցած լայնախոհ ոգիին:
Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ զարգացող քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններուն: Ան յիշեց, որ Քուէյթը յատուկ տեղ ունի լիբանանցիներու սիրտին մէջ, եւ քուէյթցիները կը սիրեն յատկապէս ամառը անցընել Լիբանանի գեղածիծաղ ափերը եւ լեռնային զով գիւղերուն մէջ: Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնեց, որ Քուէյթի Պետութիւնը իր բարոյական աջակցութեան առընթեր նաեւ նիւթապէս օժանդակէ Քուէյթի հայ գաղութին` եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի շինութեան գծով կատարուած հսկայ ծախսերուն բերելով իր մասնակցութիւնը:
Քուէյթի իշխանը, իր իսկ բառերով, եղբայրական ջերմ սիրով ընդունեց վեհափառ հայրապետը, յիշեց վեց տարիներ առաջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը Քուէյթ, գնահատեց միջկրօնական երկխօսութեան մէջ անոր բերած նպաստը, բարձր գնահատանքով խօսեցաւ Քուէյթի հայութեան մասին` ըսելով, թէ ո՛չ մէկ հայ ապօրէն ու սխալ ընթացքի մէջ եղած է Քուէյթի մէջ, ընդհակառակն` հայերը իրենց հաւատարմութեամբ ու աշխատասիրութեամբ կարեւոր նպաստ բերած են Քուէյթի զարգացման: Իշխանը նաեւ ողջունեց վերականգնումի ու յառաջդիմութեան մէջ եղող Լիբանանը, յիշեց իբրեւ արտաքին գործոց նախարար իր այցելութիւնները Լիբանան եւ վստահեցուց վեհափառ հայրապետին, որ եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի շինութեան ծախսերուն իր նպաստը պիտի բերէ:
Սիրալիր հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը հրաւիրեց առաջնորդ հայր սուրբը, որ գաղութին կողմէ շնորհակալութիւնը յայտնէ իշխանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դեսպանը, որ ողջունէ Լիբանանի ու Քուէյթի եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացումը:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը հիւրն է պետութեան եւ կը վայելէ բարձրաստիճան օտար հիւրերուն վերապահուած բոլոր պատիւները: