ԱՄՆ Պետական Բաժանմունքն ու Ուաշինկթընի Քաղաքապետը Դատապարտած են Թուրք Ազգայնամոլներու Յարձակումը Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ
Ուաշինկթընի քաղաքապետ Մուրիէլ Պոուսերը դատապարտած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցներուն կողմէ իրականացուած յարձակումը խաղաղ ցուցարարներուն վրայ:
Քաղաքապետը Ուաշինկթընի ոստիկանութեան պետին հետ հետաքննութիւն սկսած է կատարուածին առնչութեամբ:
«Այն, ինչ մենք տեսանք երէկ` բռնի յարձակում խաղաղ ցուցարարներուն վրայ, կը վիրաւորէ Ուաշինկթընը եւ մեր իրաւունքները` իբրեւ ամերիկացիներ: Ես խստօրէն կը դատապարտեմ այս գործողութիւնները եւ քննարկած եմ ոստիկանութեան պետ Փիթըր Նիւշամի հետ մեր պատասխանը: Ոստիկանութեան վարչութիւնը պիտի շարունակէ հետաքննել միջադէպը եւ պիտի աշխատի դաշնային գործընկերներու հետ` ապահովելու արդարութիւնը»,- Արմէնփրէսի հաղորդմամբ՝ ըսուած է Ուաշինկթընի քաղաքապետի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Ուաշինկթընի ոստիկանութեան վարչութեան ղեկավար Փիթըր Նիւշամը` ընդգծելով, որ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցածը կը հակասէ այն իրաւունքներուն ու սկզբունքներուն՝ յանուն որոնց պաշտպանութեան իրենք կ՝աշխատին ամէն օր: Ան յայտնած է, որ դէպքին առնչութեամբ ձերբակալուած է երկու մարդ:
Դէպքին անդրադարձած է նաեւ ԱՄՆ պետական բաժանմունքը՝ նշելով, թէ իրենք անհանգստացած են բռնութեան միջադէպով, որուն ներգրաւուած եղած են ցուցարարներն ու թրքական անվտանգութեան աշխատակիցները: «Բռնութիւնը երբեք չի կրնար ճիշդ պատասխան ըլլալ ազատ խօսքին»,- ըսուած է պետական բաժանմունքի յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի դէմ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցին մասնակիցները թիրախ դարձած են խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու կատաղի յարձակման: Քանի մը վիրաւորներ արնաշաղախ տեղափոխուած են հիւանդանոց: Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ յարձակումը իրականացուցած են Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները:
Ցոյցը կազմակերպուած էր Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբի, Ամերիկայի Հելենական խորհուրդի եւ շարք մը այլ` քրտական, ասորական եւ յունական կազմակերպութիւններու կողմէն: