ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ի Սկզբանէ էր Բանն. եւ Բանն էր առ Աստուած. եւ Աստուած էր Բանն: Նա էր ի սկզբանէ առ Աստուած: 

Աւետարան ըստ Յովհաննու Ա:1

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին աշխարհի հնագոյն եկեղեցիներէն է, որն իր գոյութեան ողջ ընթացքին եղած է Քրիստոսի «Մի, Սուրբ, Ընդհանրական եւ Առաքելական»Եկեղեցւոյ անբաժանելի մասը:

Հայոց Եկեղեցին առաքելական  անուանուած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչներ Սուրբ Թա­դէոս եւ Սուրբ Բար­դ­ու­ղի­մէոս առա­քեալ­նե­րու պատուին: Հայաստանը առաջին երկիրն է, ուր 301 թուականին` Հայոց Տրդատ Գ թագաւորի օրօք, քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս հռչակուած է որպէս Մեծ Հայքի թագաւորութեան պետական կրօն:

Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքն ու վարդապետութիւնը հիմնուած են Սուրբ Գիրքի, Սրբազան աւանդութեան, Նիկիոյ (325թ.), Կ.Պոլսոյ (381թ.), Եփեսոսի (431թ.) Տիեզերական ժողովներու, Հայ  Եկեղեցւոյ ժողովներու, վարդապետներու ու Եկեղեցւոյ հայրերու հաստատած կանոններու եւ ուսմունքներու վրայ:

Հայ Եկեղեցին հայ ժողովուրդի եւ իր ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն գործօն  համարած է նաեւ դաւանական, ծիսապաշտամունքային եւ եկեղեցական ինքնուրոյնութեան պաշտպանութիւնը: 451 թուականի Քաղկեդոնի ժողովէն ետք Բիւզանդիան եկեղեցական եւ դաւանական խնդիրները փորձած է ծառայեցնել Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ` անոնց թէ´ եկեղեցադաւանական եւ թէ´ ազգային-մշակութային ինքնուրոյնութենէն զրկելու համար:

Քաղկեդոնի ժողովի ընդունած` «Մի Քրիստոս յերկուս բնութիւնս» դաւանական բանաձեւը Բիւզանդիոյ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու միջեւ սկիզբ  դրած է դաւանական վէճերու, պատճառ դարձած Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պառակտման:

Հայ Եկեղեցին մերժած է Քաղկեդոնի ժողովը, քանի որ այն կը հակասէր ինչպէս հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանման շահերուն, այնպէս ալ  աստուածաբանական սեփական ըմբռնումներուն եւ Եկեղեցւոյ անկախութեան պահպանման ձգտումներուն, եւ ընդունած է Քրիստոսի Մարդկային եւ Աստուածային բնութիւնները մէկ համագոյութեան մէջ:

Առաջին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը հիմնած է Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը` հաւատարիմ մնալով Հայաստանի պետական վարչական համակարգի սկզբունքներուն:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին` որպէս ազգային Եկեղեցի` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեամբ (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեամբ, Երուսաղէմի եւ Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւններու նուիրապետական աթոռներով, ունի բացառիկ առաքելութիւն հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ, անոր ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին: Եկեղեցւոյ գլուխ  ընտրուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին մեծ հետաքրքրութիւն  հանդէս բերած է 20-րդ դարասկիզբին ծնած եւ դարակէսին իր զարգացումը ապրած ընդհանրական շարժման նկատմամբ` սկզբնաւորման փուլին հանդէս գալով դիտորդի կարգավիճակով: 1962 թուականէն Եկեղեցին` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի գլխաւորութեամբ, դարձած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ), 1977 թուականէն` Եւրոպայի Եկեղեցիներու Կոնֆերանսի (ԷԵԿ) պաշտօնական անդամ` յետագային անդամակցելով տարածաշրջանային, ենթատարածաշրջանային, ազգային, միջեկեղեցական ու ընդհանուր այլ կազմակերպութիւններու:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւններն ու թեմերն են.

 Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութիւն, Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութիւն, Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի Հայրապետական պատուիրակութիւն,  Արարատեան Հայրապետական թեմ, Շիրակի թեմ, Սիւնեաց թեմ, Գուգարաց թեմ, Արագածոտնի թեմ, Արթիկի թեմ, Գեղարքունեաց թեմ, Արմաւիրի թեմ, Կոտայքի թեմ, Արցախի թեմ, Վիրահայոց թեմ, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց թեմ, Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց թեմ, Ուկրանիոյ Հայոց թեմ, Ֆրանսայի Հայոց թեմ, Մեծ Բրիտանիոյ Հայոց թեմ, Յունաստանի Հայոց թեմ, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմ, Գերմանիոյ Հայոց թեմ, Զուիցերիոյ Հայոց թեմ, Քանատայի Հայոց թեմ, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմ, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմ, Արժանթինի Հայոց թեմ, Պրազիլիոյ Հայոց թեմ, Ուրուկուէյի Հայոց թեմ, Եգիպտոսի Հայոց թեմ, Դամասկոսի Հայոց թեմ, Իրաքի Հայոց թեմ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմ:

Այսօր Եկեղեցին, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ իր թեմերով կը շարունակէ Հայոց պետականութեան հզօրացման, հայապահպանութեան, հայ ինքնութեան արմատաւորման ուղղուած գործունէութիւնը:

Scroll Up