Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ Յարձակողները Էրտողանի Անվտանգութեան Աշխատակիցները Եղած Են

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ հայկական համայնքի կազմակերպած խաղաղ ցոյցի մասնակցողներուն վրայ յարձակում գործողները Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները եղած են: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը գրէ The Guardian-ը:
Պարբերականին հետ զրոյցի ընթացքին ականատեսներէն մէկը ըսած է, թէ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները ծեծկռտուք սկսած են այն ժամանակ, երբ ցոյցին մասնակցողներէն մէկը կը կրէր քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութեան (PYD) դրօշը:
Դէպքին անդրադարձած են նաեւ հեղինակաւոր շարք մը այլ լրատուամիջոցներ եւս: CNN յայտնած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրին դիմաց իրականացուած յարձակումին հետեւանքով տուժած է ինը մարդ:
New York Post եւս գրած է, որ ցուցարարներուն վրայ յարձակած են Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները: Տեղադրուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի նաեւ, թէ ինչպէս անոնք կը հայհոյեն խաղաղ ցուցարարներուն: Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ վիրաւորներէն երկուքին վիճակը ծանր է:
Ոստիկանական բաժնի խօսնակ Տասթին Սթերնպըք տեղեկացուցած է, որ կատարուածի առնչութեամբ երկու մարդ ձերբակալուած է: Անոնցմէ մէկը կը մեղադրուի բախումի ժամանակ ոստիկանի մը վրայ յարձակուելու մէջ:
«Նման յարձակումներ չենք ակնկալեր տեսնել Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ, հակառակ անոր որ անոնք սովորական են Էրտողանի Թուրքիոյ եւ այլ բռնատիրական երկիրներու մէջ։ Թուրքիա կը փորձէ իր անհանդուրժողութիւնը Միացեալ Նահանգներ փոխադրել»,- այս առթիւ յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Ցոյցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ամերիկայի Հելէնական խորհուրդին եւ շարք մը այլ քրտական, ասորական եւ յունական կազմակերպութիւններու կողմէ։