Աւարտեց ՀՀ Եւ Արցախի Հանրակրթական Դպրոցներու 4-7-րդ Դասարաններու Աշակերտներու Միջեւ Իրականացուող «Մարզական Մրցոյթը»

Մայիս 16-ին, «Խուլերու հայկական մարզական կոմիտէ» հասարակական կազմակերպութեան մարզադահլիճին մէջ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու, Երեւան քաղաքի եւ Արցախի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներու 4-7-րդ դասարաններու աշակերտներու միջեւ իրականացուող «Սպորտլանդիա» մարզական ձեռնարկին եզրափակիչ փուլը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն ՀՀ մարմնակրթութեան  եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութենէն:

Ուժերը  չափած են Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզերը, Երեւան քաղաքը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող խումբերը:

Մարզական մրցոյթին յաղթող  ճանչցուած է ՀՀ Կոտայքի մարզի Եղուարդ քաղաքի № 3 հիմնական դպրոցի խումբը: Երկրորդ տեղը գրաւած է ՀՀ Արարատի մարզի Վանաշէն գիւղի միջնակարգ դպրոցի խումբը, իսկ երրորդ տեղը` ՀՀ Լոռիի մարզի Գուգարքի հիմնական դպրոցի խումբը:

Մրցումին մասնակցած դպրոցներուն յանձնուած է մարզագոյք, իսկ բոլոր խումբերու անդամներուն` խրախուսական նուէրներ:

Առաջին տեղը գրաւած խումբը  արժանացած է յաղթողի գաւաթի եւ 450.000 ՀՀ դրամ պարգեւավճարի: Երկրորդ տեղը գրաւած խումբը պարգեւատրուած է 350.000 ՀՀ դրամով, իսկ երրորդ տեղը գրաւած խումբը` 250.000 ՀՀ դրամով:

Նշենք, որ դրամական պարգեւները դպրոցներուն կողմէ պէտք է օգտագործուին բացառապէս մարզագոյք ձեռք բերելու նպատակով:

%d5%bd%d5%ba%d5%b8%d6%80%d5%bf1 %d5%bd%d5%ba%d5%b8%d6%80%d5%bf2 %d5%bd%d5%ba%d5%b8%d6%80%d5%bf3

Scroll Up