Պոլսահայ Պատմաբանը Կ՛արխիւացնէ Հայկական ֆեմինիզմի Պատմութիւնը

Պոլսահայ պատմաբան, Մասաչուսէթսի համալսարանի գիտաշխատող Լեռնա Էքմեքչիօղլու իր կայքին մէջ կ՛արխիւացնէ հայկական ֆեմինիզմի պատմութիւնը եւ ատոր առնչուող գիրքերը, ստեղծագործութիւնները:
Այս մասին տեղեկացնող «Gazetekarinca» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ արխիւացուող պատմութիւնը կ՛ընդգրկէ 1860-1960 թուականները:
Ներկացուած պիտի ըլլան Պոլսոյ մէջ սկիզբ առած շարժման ողջ պատմութիւնն ու պայքարը` 1860-ականներու սկզբէն մինչեւ 1960-ականները` Պէյրութի մէջ հրապարակուող «Երիտասարդ հայուհի» ամսագրի փակումը, կը հաղորդէ «Էրմէնի հապեր»-ը:
2016-ին Սթենֆորտի համալսարանը հրատարակած էր Էքմեքչիօղլուի առաջին մենագրութիւնը` «Հայաստանի վերականգնումը. Պատկանելիութեան սահմանափակումները Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութենէն ետք»: Այժմ Լեռնա դասագիրք կը պատրաստէ Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր անկումէն ետք աշխարհի մէջ հայ ֆեմինիստներու մասին: