Բարի Մտայղացումները` Բարի Աւարտով. Հայկական Մանկական Երգերու Մրցոյթ Հոլանտայի ՄԷջ

«Հայերն այսօր»– Սկիզբէն ի վեր ներքին համոզում մը ունէի, որ օտարութեան մէջ հայապահպանութեան  բոլոր ճանապարհներն ու մեթոտները պէտք է գործի դնել եւ ընել այն, ինչ կ’օգնէ այդ նպատակին հասնելու համար: Արդէն մէկ տարի յառաջացած մտայղացումը անդադար կը յիշեցնէր ու կը յուշէր, որ ժամանակն է զայն գործի վերածելու ու անցայ գործի: Մեր` Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ (ՄՀՀ) միութեան անդամներուն հետ հարցը քննարկելէ յետոյ, յայտարարութիւն տարածեցինք ֆէյսպուք ընկերային ցանցին վրայ այն մասին, որ Հոլանտայի մէջ  գուցէ նաեւ Եւրոպայի) առաջին անգամ կ’իրականացուի Հայկական մանկական երգերու մրցոյթ, որուն կրնան մասնակցիլ 4-14 տարեկան երեխաները: Նպատակը պարզ էր. հայ մանուկներուն մէջ խթանել սէրը հայկական մանկական երգերու նկատմամբ, ճանչնալու հայ երգահանները, երաժիշտները, մանկագիրները:

Կարճ ժամանակ անց արդէն ունեցանք առաջին արձանագրուողները: Ցաւօք, այդ ցանկը մեծ չէր, ընդամէնը 9 մասնակից, բայց մրցոյթին պիտի լսէինք 18 հայկական մանկական երգեր: Ատիկա արդէն բաւական էր ոգեւորուելու եւ գործի անցնելու համար: Մասնակիցները պէտք է երգէին 2 հայերէն եւ 1 օտարալեզու երգ: Ատիկա  ամբողջ համերգ պիտի ըլլար,  ամբողջ օր մը միասին պէտք է անցնէին 9 երեխաներ` իրենց ընտանիքի անդամներուն, իրենց սատարող խումբին, ներկայացուցիչներուն հետ… Ես արդէն կը տեսնէի այդ օրն ու հրճուանք կ’ապրէի:

Մինչ մեր միութեան անդամները զբաղուած էին իրենց վրայ վերցուցած կազմակերպչական տարբեր աշխատանքներու նախապատրաստութեամբ, ես կազմեցի ժիւրիի կազմը` 4-ը Հոլանտայէն, մէկը` Հայաստանէն: Վերջինս Երեւանի «Մանուկներու մոլորակ» գեղագիտական կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան գեղարուեստական ղեկավար ,մանկավարժ Զառա Սարիբէկեանն էր (ան մրցոյթին կը հետեւէր տեսակապի (skyp) միջոցով):

Վերջապէս մօտեցաւ մայիս 14-ը, եւ բոլորս վայելեցինք մեր ջանքերու արդիւնքը: Երեխաները, որոնք եկած էին Հաագայէն, Արնհեմէն, Ալմելոյէն, շատ արագ ընկերացան իրարու ու Նայմեխենի մասնակիցներուն հետ: Մինչ անոնց ուղեկցող մեծահասակները կը փորձէին ծանօթանալ իրար ու նոր միջավայրին հետ, երեխաները խմբուած` տաք-տաք կը զրուցէին: Աննկարագրելի էր այն փաստը, որ մրցոյթին ընթացքին նկատեցի. ինչպէս  մասնակիցները կ’ուղեկցէին ու կ’ընդունէին  իւրաքանչիւր ելոյթ ունեցողին` մէկ-մէկ, ափը ափին խփելով` կը խրախուսէին ու յաջողութիւն կը մաղթէին: Այդ տեսարանը օրուան ամենակարեւորը դարձաւ ինծի համար, քան բուն մրցոյթը:

Բոլորս սիրեցինք իրար, ինը երեխաներու 21 երգ լսեցինք ու վայելեցինք օրը: Իսկ թէ ինչպէս  անցած էր երեք ժամը, ոչ մէկը չէր նկատած: Բոլոր երեխաները ստացան գեղեցիկ յուշամետալներ` մասնակցութեան համար, որմէ յետոյ նաեւ` մրցանակներ. գլխաւոր, առաջին, երկրորդ, երրորդ: Վայրկեաններ ետք կը լսուէին առաջարկութիւններ մրցոյթը շարունակական դարձնելու ու նաեւ այլ ձեւաչափերով իրականացնելու մասին: Ես համոզուեցայ, որ մենք հասած ենք մեր նպատակին ու մրցոյթը կայացած էր: Ի դէպ, այն ամբողջ 3 ժամ, ուղիղ կապով կը հեռարձակուէր «Նիտերլանտական օրագիր» թերթի խմբագիր Աշոտ Կնեազեանի կողմէ: Շնորհակալութիւ’ն, պարոն Կնեազեան:

Իսկ կից ներկայացուող լուսանկարները կու գան ապացուցելու այդ յագեցած, գեղեցիկ ու երաժշտական օրուան մեծ յաջողութեան փաստը:

Սուետա Աբրահամեան

Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»

%d5%a5%d6%80%d5%a3%d5%a5%d6%80%d5%a31%d5%a5%d6%80%d5%a33%d5%a5%d6%80%d5%a34%d5%a5%d6%80%d5%a35 %d5%a5%d6%80%d5%a36 %d5%a5%d6%80%d5%a37 %d5%a5%d6%80%d5%a38 %d5%a5%d6%80%d5%a39 %d5%a5%d6%80%d5%a310

Scroll Up