Հայկական Երաժշտութեան Փառատօն Ապխազիոյ ՄԷջ

Օրերս Կակրայի շրջանի Ալահաձիհ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք միասնական ենք» խորագիրով հայկական երաժշտութեան հերթական` 22-րդ փառատօնը, որ նուիրուած էր Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի օրուան եւ Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, փառատօնը ներածական խօսքով բացաւ Կակրայի շրջանային հայկական համայնքի նախագահ, փառատօնի հիմնադիր Խաչիկ Մինասեան: Ողջոյնի խօսքով հաւաքուածներուն դիմեց Ապխազիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռաուլ  Խաճիմբան: «Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորը, որոնք եկած են մասնակցելու այս տօնին»,-ըսաւ ան: Համառօտ ներածական խօսքէն ետք ան յայտարարեց փառատօնը բացուած:

Հազարաւոր հանդիսատեսներուն մեծ բաւականութիւն պատճառեցին սիրուած համոյթներու եւ անհատ կատարողներու ելոյթները:

Աւելցնենք, որ փառատօնը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 1996 թուականին, որ այնուհետեւ դարձաւ աւանդական:

%d6%83%d5%a1%d5%bc%d5%a1%d5%bf%d5%b8%d5%b6

Scroll Up