Կեդրոնական Դրամատունը Շրջանառութեան Մէջ Դրած է 1000 Դրամ Անուանական Արժէքով Արծաթէ Յուշադրամ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/890681.jpg)
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին եւ Համաշխարհային դրամատան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան յոբելեանին առիթով Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրած է 1000 դրամ անուանական արժէքով արծաթէ յուշադրամ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Կեդրոնական դրամատան մամլոյ ծառայութիւնը, յուշադրամի մէկ կողմը ՀՀ զինանշանն է եւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն», «REPUBLIC OF ARMENIA», «2017», «1000 դրամ» մակագրութիւնները: Յուշադրամի միւս երեսին պատկերուած է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի եւ Համաշխարհային դրամատան տարբերանշանները` Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան 25-ամեայ յոբելեանի նշումով: Ստորին եւ վերին շրջագիծերով «Հայաստանի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Յոբելեան», «ARMENIA’S MEMBERSHIP ANNIVERSARY» հայերէն եւ անգլերէն մակագրութիւններն են:
Յուշադրամի բնութագիրը
Անուանական արժէքը 1000 դրամ
Մետաղը եւ յարգը արծաթ 9250
Կշիռը 33,6 կ
Տրամագիծը 40,0 մմ
Որակը պրուֆ
Դրամաշուրթը ատամնաւոր
Քանակը 300 հատ
Էսքիզներու հեղինակ` Յարութիւն Սամուէլեան:
Յուշադրամը հատուած է Լիթվայի դրամահատարանին մէջ: