Եգիպտոս-Երեւան Ուղիղ Չուերթներ Պիտի Իրաանացուին

ՀՀ կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութիւնը «AMC Airlines» ընկերութեան արտօնութիւն տուած է Հուրկատա-Երեւան-Հուրկատա, Շարմ էլ-Շէյխ-Երեւան-Շարմ էլ-Շէյխ, ինչպէս նաեւ` Հուրկատա-Երեւան-Շարմ էլ-Շէյխ ուղիներով թռիչքներ իրականացնելու:
ՀՀ ԿԱ քաղաքացիական թռիչքուղիներու մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ Հուրկատա-Երեւան-Հուրկատա ուղղութեամբ թռիչքները պիտի մեկնարկեն այս տարուան Յունիս 18-ին, Շարմ էլ-Շէյխ-Երեւան-Շարմ էլ-Շէյխ ուղղութեամբ թռիչքները` Սեպտեմբեր 24-ին: Հուրկատա-Երեւան-Շարմ էլ-Շէյխ ուղիով թռիչքը պիտի իրականացուի Սեպտեմբեր 17-ին:
«Air Qahira» թռիչքուղիներու ընկերութեան արտօնութիւն տրուած է 2017 թուականի ամառնային բուռն շրջանին, մասնաւորապէս` Յունիս 20-Հոկտեմբեր 28 ժամանակատուածին, շաբաթական մէկ անգամ յաճախականութեամբ` իւրաքանչիւր Երեքշաբթի, թռիչքներ իրականացնել Հուրկատա-Երեւան- Հուրկատա ուղղութեամբ։
Ընկերութիւնը, Յունիս 22-Հոկտեմբեր 28 ժամանակահատուածին թռիչքներ կը նախատեսէ նաեւ Շարմ էլ-Շէյխ-Երեւան-Շարմ էլ-Շէյխ ուղղութեամբ։ Թռիչքները պիտի իրականացուին շաբաթական մէկ անգամ` իւրաքանչիւր Հինգշաբթի։