Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Սպանացի Կաթոլիկ Ուխտաւորներ
Նոյեմբեր 27-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց սպանացի կաթոլիկ ուխտաւորներ` ուղեկցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Սպանիոյ Թագաւորութեան պատուաւոր հիւպատոս Արմինէ Ադամեանի:
Հանդիպման սկիզբը տիկին Ադամեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց հիւրերը եւ անոնց այցելութեան նպատակը, այն է` խորապէս ճանչնալ Հայաստանը որպէս հարուստ մշակոյթ ունեցող հնագոյն քրիստոնեայ երկիր:
Ողջունելով ուխտաւորներու այցը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին` Նորին Սրբութիւնը անոնց ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը: Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ ունեցած առանձնայատուկ դերակատարութեան, Մայր Աթոռի քարոզչական գործունէութեանն ու հոգեւոր-կրթական աշխատանքներուն` Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց Եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորութիւնը յատկապէս բազում մարտահրաւէրներով լի ներկայ ժամանակաշրջանին:
Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատասխանեց ուխտաւորներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն, հասարակութեան հոգեւոր կեանքին ու Հայոց ցեղասպանութեան ճամաչման եւ դատապարտման գործընթացքին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի մամլոյ գրասենեակէն: