Հայագիտութեան Նուիրուած Գիտաժողով Զալցպըրկի Համալսարանին ՄԷջ

Մայիս 12-ին Զալցպըրկի համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայագիտութեան օր» խորագիրով գիտաժողով, որուն մասնակցեցաւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը: Այն կազմակերպած էր Զալցպըրկի համալսարանի քրիստոնէական Արեւելքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը` հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Եասմին Տում-Թրագուտի գլխաւորութեամբ եւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ գործակցութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Գիտաժողովը նուիրուած էր Հայաստանի եւ Աւստրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:
Համալսարանի տնօրէնի անունէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ փոխ տնօրէն Ֆաթմա Ֆերէյրա-Պրիզման, որ ողջունեց գիտաժողովի մասնակիցներն ու ունկնդիրները եւ ներկայացուց Զալցպըրկի համալսարանին կողմէ քրիստոնէական Արեւելքի ուսումնասիրութեան եւ, մասնաւորապէս, հայագիտութեան ուղղութեամբ տարուող հետեւողական քաղաքականութիւնը:
Այնուհետեւ, ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչը ներկաներուն փոխանցեց Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեանի ուղերձը, որուն մէջ ՀՀ դեսպանը շնորահակալութիւն յայտնած էր ինչպէս համալսարանի ղեկավարութեան` հայագիտութեան նկատմամբ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելուն, այդպէս ալ այդ գիտական հաւաքն իր հիւրընկալ տանիքին տակ ընդունելու համար: ՀՀ դեսպանը յատուկ առանձնացուցած էր հայագիտութեան ոլորտին մէջ բազմաբովանդակ գիտական նախագիծերու մէջ առանձնայատուկ աշխուժութեամբ աչքի ինկող փրոֆէսոր Եասմին Տում-Թրագուտի` եւրոպական հայագիտութեան մէջ ունեցած մեծ ներդրումը:
Գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկան գիտնականներ, հետազօտողներ Աւստրիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու տարբեր համալսարաններէ, ԱՄՆ-էն (Միչիկանի համալսարան), Աւստրալիայէն (Սիտնէյի համալսարան), ինչպէս նաեւ Զալցպըրկի համալսարանին մէջ գտնուող ԵՄ «Erasmus+» դասախօսներու փոխանակման ծրագիրով ԵՊՀ-ի գործուղուած արեւելագիտական բաժանմունքի դասախօսներ, որոնք իրենց ելոյթներուն մէջ արծարծեցին հայագիտական թեմաներու լայն շրջանակ:
Գիտական քննարկումներու աւարտէն ետք աստուածաբանական բաժանմունքի մատուռին մէջ Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ քահանայ տէր Անդրէաս Իսախանեան մատուցեց հայկական ժամերգութեան կարգ` հայկական հոգեւոր երգերու ուղեկցութեամբ:
Գիտաժողովի մասնակցիներուն եւ ունկնդիրներուն համար Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան անունէն կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն: