Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» Ֆիլմը՝ Նոր Ջուղայի Մէջ

Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին առիթով՝ Հայ Դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ Մայիս 10-ի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի հայոց ազգ. կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ, ցուցադրուած է բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» գեղարւեստական ֆիլմը: Այս մասին կը հաղորդէ norjugha.ir կայքը։
Սկիզբը, կազմակերպիչ յանձնախմբին անունով, բացման խօսքով հանդէս եկած է Վեհանուշ Խուդաբախշեան՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով ֆիլմի բովանդակութեան եւ բեմադրիչի գործունէութեան մասին: Այնուհետեւ, խօսք առած է նաեւ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան, որ անդրադառնալով ֆիլմի պատմութեան, կարեւորութեամբ ընդգծած է, թէ փորձած է համամարդկային արժէքներու քիմով ներկայացնել Արցախեան ազատամարտը:
Խօսքերուն յաջորդած է «Վերջին բնակիչը» ֆիլմին ցուցադրութիւնը, որ արժանացած է հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին:
Երեկոյին ներկայ եղած են՝ Սպահանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ գերպ. Տ. Սիփան ծ. վրդ. Քէչէճեան, ազգային մարմիններու, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի, միութիւններու եւ հայոց ազգ. դպրոցներու ներկայացուցիչներ ու հայրենակիցներ: