Թեհրանի Մէջ Բացուած է «Դարաւոր Հայաստանի Նորանկախ Պետութիւնը» Խորագիրով Լուսանկարչական Ցուցահանդէսը

Թեհրանի «Արարատ» մշակութային միութեան մէջ բացուած է Հայաստանի անկախութեան հռչակման 25-ամեայ տարեդարձին նուիրուած «Դարաւոր Հայաստանի նորանկախ պետութիւնը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսը,-կը տեղեկացնէ «Փանորամա»-ն։

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան 1990-2016 թուականներու ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր մշակութային, գիտական, քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ այլ իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը:

Վերջիններս կը ներկայացուին մէկ կամ երկու լուսանկարով եւ բացատրութեամբ: Աւելի քան 160 լուսանկար կը ներկայացուին փաստագրական, արխիւային եւ գեղարուեստական ձեւով:

Ցուցահանդէսը 2016-ին առաջին անգամ ներկայացուած է Երեւանի, ապա Լոս Անճելեսի եւ Փարիզի մէջ:

Այս տարի ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպուի նաեւ Մոսկուայի մէջ (Հայկական եկեղեցական համալիրի Տապան թանգարանին մէջ), իսկ Թեհրանի ցուցահանդէսէն ետք անիկա պիտի ներկայացուի Պէյրութի մէջ` Յունիսի սկիզբը:

Scroll Up