Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանն ու Տիկինը Այցելեցին «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/lokh_51117-300x225.jpg)
Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն ու տիկինը` Սամուէլ եւ Էլիզապեթ Մկրտչեաններ` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին: Անոնց ընդունելութեան ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան եւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ: Դեսպան Մկրտչեան, ընկերակցութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնուհիին, շրջեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց տարած գործունէութեան ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ: Ապա հրաւիրեալներուն միացան պետական երեսփոխան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ԼՕԽ-ի մօտ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան:
Այդ առիթով «Թնճուկեան» սրահին մէջ արտասանուեցան բարի գալուստի, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին գնահատական եւ զօրակցական խօսքեր: Շրջանային վարչութիւնը դեսպանին կնոջ նուիրեց Վանի ձեռագործ մը` իբրեւ յիշատակ: Ապա դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր տպաւորութիւնները արձանագրեց ԼՕԽ-ի ոսկեմատեանին մէջ` հետեւեալ ձեւով. «Աշխատանքի այդ ծաւալը եւ ընդգրկումը իրօք ամենաբարձր գնահատանքի դրուատանքի է արժանի»:
Հրաւիրեալներն ու Շրջանային վարչութիւնը միասնաբար ճաշակեցին «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին պատրաստած համադամ ճաշերը:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ