Արցախի ՄԷջ Գնդակոծուած Է «Շանթի» Նկարահանող Խումբը

Մայիս 10-ին, ժամը 18-00-ի սահմաններուն արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծի հիւսիսային հատուածին մէջ գնդակոծութեան  ենթարկուած է «Շանթ» հեռուստաընկերութեան «Դիրքերում» հաղորդաշարի նկարահանող խումբը:

«Շանթ» հեռուստաընկերութենէն յայտնած են, որ հակառակորդը հրաձգային խոշոր տրամաչափի զէնքերով գնդակոծած է նկարահանող խումբի ինքնաշարժը:

Վիրաւորուած է հաղորդաշարի գործարկու՝ Դաւիթ Աթոյեանը:

 

 

 

 

Scroll Up