Հայուհիի Խոհարարական Գիրքը Յայտնուած է Աշխարհի Լաւագոյններու Եռեակին Մէջ

Գայեանէ Պրէիովայի «Խոհանոց Գայեանէ-ջան» գիրքը ընդգրկուած է համաշխարհային խոհարարական գիրքերու հեղինակաւոր «Gourmand 2017» մրցոյթի ցուցակին մէջ:

Ըստ Armday.am-ի՝ խոհարարական գիրքերու Gourmand մրցոյթը կ՝իրականացուի 22 տարիէ ի վեր` խոհարարական աշխարհի մէջ համարուելով «Օսգար» մրցանակաբաշխութիւն։

Մրցոյթի հիմնադիրը Գուանդրօ ընտանիքն է (յայտնի լիքէոր եւ շամփայն): Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՝ունենայ ամէն տարի:

«Անկեղծ խօսքով, նոյնիսկ չէի գիտեր, որ գոյութիւն ունի «կարճ-ցուցակ» հասկացութիւնը, սակայն գիրքը, ժիւրիի կարծիքով, յայտնուած է աշխարհի խոհարարական երեք լաւագոյն գիրքերու շարքին եւ ես պէտք է մեկնիմ Չինաստան. մտքովս անգամ չէր անցներ, ուռա»,- իր ուրախութիւնը յայտնած է  Գայեանէն:

Նշենք, որ Գայեանէն ծնած է Երեւան: 1994 թուականէն ի վեր կը բնակի Մոսկուա:

Իր ասպարէզը սկսած է իբրեւ մատուցողուհի, իսկ որոշ ժամանակ ան ստիպուած եղած է դուրս գալ ճաշարանային գործարարութենէն, սակայն, 1998-ին կրկին վերադարձած է իբրեւ կազմակերպող: Ան իր ամենամեծ հպարտութիւնը կը համարէ հայկական խոհանոցի ճաշատեսակներով Gayane’s. ճաշարանը:

Scroll Up