Նորակառոյց Մատուռի Օրհնութիւն Հայոց Բանակի Մարտական Յենակէտին ՄԷջ. լուսանկարներ

Շուշիի ազատագրման օրը Արարատ զօրամասին համար նշանաւորուած է նաեւ Սուրբ Խաչ մատուռի օրհնութեամբ: Սուրբ Մատուռը կառուցուած է Արարատ զօրամասի յենակէտերէն մէկուն մէջ` բոլոր զինծառայողներու անշահախնդիր մասնակցութեամբ:
Օրհնութիւնը իրականացուած է Արարատի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Դաւիթ քահանայ Սահակեանի կողմէ` մասնակցութեամբ զօրամասի գունդերէն Նարեկ սարկաւագ Պետրոսեանի եւ ճեմարանի սան Ռոբերտ Զէյնալեանի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Արարատի Սբ. Յակոբ եկեղեցւոյ ֆէյսպուքեան էջէն:
Օրհնութենէն յետոյ Տէր Հայրը դիմած է ներկաներուն. «Այսօր յաղթական օր է բոլորիս համար, եւ այդ կարեւոր յաղթանակը ձեռք բերուեցաւ Աստուծոյ անմիջական օգնութեամբ, իսկ ձեր կեանքին մէջ այս օրը կը դաջուի նաեւ` որպէս ձեր ձեռքերով վեր յառնուած մատուռի օրհնութեան օր»:
Ան կոչ ըրած է նաեւ հետեւելու մեր քաջ նախնեաց աւանդոյթներուն` ձեւաւորելու քրիստոնեայ ու անվախ զինուորականի կերպար եւ դառնալու վերջիններուս արժանի հետեւորդներն ու ժառանգները: Մարտական դիրքը պաշտպանող զինծառայողներուն կողմէ կազմակերպուած էր նաեւ մատաղ եւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն: