Ռուսաստանաբնակ Բարերարին Աջակցութիւնը` Արցախի Բազմազաւակ Եւ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն
Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան մայիս 6-ին Մարտունի քաղաքին մէջ մասնակցած է շրջանի բազմազաւակ շուրջ 80 ընտանիքներու համար կազմակերպուած բարեգործական ձեռնարկին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, ռուսաստանաբնակ բարերար, ծագումով Արցախէն Համլէտ Վաչենանցի նախաձեռնութեամբ` Մարտունիի շրջանի բազմազաւակ ու կարիքաւոր շուրջ 80 ընտանիքներու, որպէս աջակցութիւն, տրամադրուած է հագուստ, կահոյք, կենցաղային տեխնիկա եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ:
Արցախի կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է բազմազաւակ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու սոցիալական հիմնախնդիրներու նկատմամբ բարերարի ցուցաբերած ուշադրութիւնը: Ա. Յարութիւնեան կարեւոր համարած է ծրագիրը, յատկապէս,սոցիալական առկայ խնդիրներու նկատմամբ անհատական եւ յատուկ մօտեցման առումով:
Իր հերթին Հ. Վաչենանցը նշած է, որ անցած տարի նոյեմբեր 19-ին մեկնարկած ծրագիրէն արդէն օգտուած է 108 ընտանիք: Անոր պնդմամբ` այն շարունակական պիտի ըլլայ, եւ պիտի փորձեն փուլ առ փուլ լուծել Արցախի շրջաններուն մէջ ապրող բոլոր բազմազաւակ ու կարիքաւոր ընտանիքներու ունեցած խնդիրները: Յաջորդ փուլին շուրջ 130 նոր ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրը կ’ամփոփուի արդէն այս տարուան նոյեմբեր 19-ին: