Համերգ` Նուիրուած Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25-Ամեակին

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ապրիլ 29-ին Նիւ Եորքի Պէյսայտ շրջանի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Շնորհալի» հայկական երգչախումբի «Սիրով` Հայաստանին» խորագիրով համերգը, որ նուիրուած էր Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին:
Համերգին սկիզբը երգչախումբը կատարեց «Հայր մեր»-ը` մայեստրօ, երգեհոնահար, «Շնորհալի» եւ «Արեգակ» երգչախումբերու ղեկավար-խմբավար Վաղարշակ Օհանեանի նուագակցութեամբ, ապա օրհնութեան խօսք ըսաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան: Համերգին միացան մենակատարներ Անահիտ Զաքարեան, Ալվարդ Մայիլեան, Կարինէ Մալխասեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Արեգակ» մանկական երգչախումբը:
Անահիտ Զաքարեանի, Ալվարդ Մայիլեանի, Վաղարշակ Օհանեանի եւ «Արեգակ»-ի փոքրիկ երգիչներու` Հայաստանին եւ Երեւանին նուիրուած բազմաթիւ երգերը, ինչպէս նաեւ երգչախումբի ընդգրկուն երգացանկի յայտնի եւ նոր երգերու կատարումներն արժանացան հանդիսատեսի բուռն ծափահարութիւններուն, իսկ Կարինէ Մալխասեան դահլիճին մէջ գտնուող աղջիկներուն ծաղիկներ բաժնեց: Համերգին ընթացքին հնչեց Տիգրան Չուխաջեանի օփերայէն «Հոր-հոր Աղայի» քայլերգը:
Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած «Կիլիկիա» երգի կատարման ընթացքին շատերը կարօտի ու թախիծի զգացումներով համակուեցան. յուզուած էին բոլորը: Մայեստրօ Օհանեանի առաջարկութեամբ համերգն աւարտեցաւ բոլորին կողմէ սիրուած «Երեւան-Էրեբունի» երգի կատարմամբ, որուն ձայնակցեցան դահլիճին մէջ ներկայ գտնուողները: Համերգէն յետոյ եկեղեցւոյ ընդունելութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն ընթացքին հանդիսատեսն իր անկեղծ շնորհաւորանքը յղեց Նիւ Եորքի «Շնորհալի» հայկական երգչախումբին, խումբի գեղարուեստական ղեկավարին, գործադիր յանձնաժողովին եւ բոլոր անոնց, որոնք օգնած էին` իրականացնելու այս հիանալի ծրագիրը: