Լոս Անճելըսի Մէջ Մեկնարկած է «Ստեղծարար Հայաստան» Նախաձեռնութիւնը
Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիա համալսարանին մէջ (UCLA) մեկնարկած է «Ստեղծարար Հայաստան» (Creative Armenia) նախաձեռնութիւնը:
«Ստեղծարար Հայաստան»-ի առաքելութիւնն է բացայայտել տաղանդները եւ թուային դարաշրջանին մէջ զարկ տալ փոփոխիչ ուժ ունեցող պատմութիւններուն, կը հաղորդէ Asbarez.com-ը:
«Ստեղծարար Հայաստան»-ը շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է` հիմնուած Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մէջ: Անոր առցանց հարթակը ծրագրաւորման հանգոյցն է` ստեղծագործական մարտահրաւէրներով, կրթաթոշակներով, տեսանիւթերու պատրաստմամբ եւ թուային ամսագիրով:
Կրեմմիի մրցանակակիր երաժիշտ եւ հասարակական գործիչ Սերժ Թանքեան եւ բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան ներկայացուցած են կազմակերպութեան առաջին նախաձեռնութիւնը` 5000 տոլար տեսահոլովակի յայտ օսքարակիր բեմադրիչ Թերի Ճորճի կողմէ («Հիւրանոց Ռուանտա» եւ «Խոստումը» ֆիլմեր): Creative Challenge 001: Art of Impact անուամբ տեղծագործական մրցոյթին կրնան մասնակցիլ կինոգործիչներ աշխարհի բոլոր ծայրերէն` ներկայացնելով առաւելագոյնը 60 երկվայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթ: Թեման մարդու իրաւունքներն են:
«Մենք մշակութային նոր համագործակցութիւն ստեղծելու մեկնակին ենք եւ հպարտ ենք, որ միասին կը ստեղծենք մշակութային նոր ու տոկուն այս ենթակառուցուածքը»,- ըսած է «Ստեղծարար Հայաստան»-ի հիմնադիր Կարին Յովհաննիսեան:
«Համագործակցելով «Խոստում»-ին, «Կիւլպենկեան» հիմնադրամին, մեծ անանուն բարեգործիմը եւ աջակիցներու համաշխարհային ցանցի հետ` «Ստեղծարար Հայաստան»-ը կ՛արտացոլէ հայ համայնքի աճող հետաքրքրութիւնը մարդու իրաւունքներու եւ ժամանցի հարթութիւններու մէջ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: