ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Հայրենիք-Սփիւռք» 6-րդ Համաժողովի Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն

Մայիս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց 3 տարին անգամ մը գումարուող համահայկական համաժողովի կազմակերպման եւ իրականացման, ծրագիրի, մասնակիցներու թիւի եւ աշխարհագրութեան յստակեցման հարցերը:

Քննարկուեցան «Հայրենիք-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովի աշխատանքային այլ հարցեր, տրուեցան յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ:

 

Scroll Up