Աւստրիոյ ԱԳ Նախարարն Ընդունած Է Հայկական Համայնքի Ներկայացուցիչները

Աւստրիոյ Մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի ձեւաւորման աւելի քան 100 տարիներւ եւ Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հիմնադրման 50 ամեակի զուգահեռներով Aպրիլ 24-ին Աւստրիոյ ԱԳ նախարար պարոն Սեբաստիան Քուրցը ընդունեց Աւստրիոյ Հայ Առաքելական համայնքի վարչութեան ատենապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն համայնքէն, հանդիպման ընթացքին ԱԳ նախարարը յայտնեց իր խորին երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը Աւստրիոյ մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքին երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման համար:

Կը ցանկանք իւրայատուկ նշել երջանկայիշատակ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Գրիգորեանի եւ ներկայիս մեր հոգեւոր առաջնորդ Հայրապետական պատուիրակ Տէր Տիրան Վարդապետ Պետրոսեանի դերը հայ-աւստրիական յարաբերութիւններու զարգացման եւ մեր ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ: Այս օրերուն Տէր Տիրան Վարդապետ Պետրոսեան աւստրիական  շարք մը յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ միասին կը գտնուի Հայաստանի մէջ, Հայաստանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ձեռնարկներուն մասին աւստրիական պետական հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի  համար յատուկ հաղորդաշար պատրաստելու նպատակով: ՀԱԵՒ կողմէ Աւստրիոյ մէջ կազմակերպուած եւ իրականացուած բազմաթիւ ձեռնարկներու շնորհիւ մեծ թիւով աւստրիացիներ հնարաւորութիւն  ստացած են ծանօթանալու հայ մշակութային, եկեղեցական եւ ազգային արժէքներու հետ:

«Աւտրիահայ համայնքի ձեւաւորման եւ զարգացման գործին մէջ իրենց ուրոյն դերն ունեցած են նաեւ ՀԱԵ ներկայացնող մեր բարձրաստիճան հոգեւոր առաջնորդները, որոնց շնորհիւ յաջողած է Աւստրիոյ մէջ բնակող  հայերու սրտին մէջ ոչ միայն վառ պահել քրիստոնէական հաւատքի սուրբ  ճրագը, այլ նաեւ դաստիարակել համամարդկային արժէքներուն հաւատարիմ հայ զաւակներ ( ոչ մէկ սերունդ)», – ըսաւ Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի ատենապետ Վահագն Ամիրջանեան:

ՀԱԵՒ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հետ համատեղ կ’իրականացնէ զանազան ձեռնարկներ, որոնք կոչուած են նպաստելու հայ եւ Աւստրիացի գործարարներու, կրթական, բժշկական, մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական ոլորտներու պատասխանատուներուն միջեւ սերտ կապեր եւ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման համար անհրաժեշտ նախադրեալներ ստեղծելուն:

Վահագն Ամիրջանեան յայտնեց հայ ազգի անունէն իր խորին շնորհակալութիւնը Աւստրիական կառավարութեան Սուրիայէն փախստականներու  ընդունման եւ աջակցման համար: Անոնց մէջ  բազմաթիւ հայեր կան,  որոնց  նախնիները  քսաներորդ դարասկիզբին Հայոց  ցեղասպանութեան օրերուն Պատմական Հայաստանի տարածքէն գաղթած էին Սուրիա եւ ապաստան գտած այնտեղ: Ցաւօք, այսօր եւս անոնց զաւակները ստիպուած են արտագաղթելու, եւ կը ցանկամ նշել, որ Աւստրիոյ հայ համայնքը եւս քայլեր կը ձեռնարկէ սուրիահայերու ընդելուզման գործընթացքին` ապահովելով ներգաղթեալներու բժշկական, սոցիալական եւ իրաւաբանական անվճար խորհրդատուութիւններ, գերմաներէն լեզուի անվճար դասընթացներ եւ այլն:

Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի ատենապետ Վահագն Ամիրջանեան առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներուն, որոնք 2015թ.ապրիլ 23-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շեմին,  ճանչցան Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ 1915թ. տեղի ունեցած ցեղասպանութեան փաստը` դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած ոճրագործութիւնը եւ անով իսկ մէկ անգամ եւս ապացուցելով Աւստրիական Հանրապետութեան նուիրուածութիւնը համամարդային, եւրոպական եւ մարդասիրական արժէքներուն, ինչպէս նաեւ պետութեան կառավարման դեմոկրատական եւ արդար սկզբունքներուն:

Մօտ ապագային կը սպասուի Աւստրիոյ ԱԳ նախարար պարոն Սեբաստիան Քուրցի այցը Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի, որուն պաշտօնական հրաւէր  ուղարկած է Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սկանտինաւիոյ երկիրներու մէջ Հայրապետական պատուիրակ, Հոգեշնորհ Տ. Տիրան վարդապետ Պետրոսեանը:

12456 7891011 12

 

Scroll Up