Հայկական Գորգի Ճամփան. Հայաստանի Համայնքներէն` Աշխարհին. լուսանկարներ

Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամը (COAF) եւ «Մէգերեան Կարպետ» ընկերութիւնը մեկնարկ տուին նոր բարեգործական ծրագիրի` նուիրուած Մէգերեան ընկերութեան 100-ամեայ յոբելեանին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն հիմնադրամէն, «Մէգերեան կարպետ» ընկերութեան հմուտ գորգագործներու օգնութեամբ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի շահառու Վանանդ համայնքի երիտասարդները քանի մը ամսուան ընթացքին միասին կ’աշխատին յոբելենական գորգի ստեղծման վրայ:
«Շատ ուրախ եմ այս համագործակցութեան համար, որ հնարաւորութիւն կու տայ երիտասարդ սերունդին ծանօթացնելու հայկական հնագոյն մշակոյթի ճիւղերէն մէկուն`գորգագործութեան հետ, եւ հիանալի է,որ այս ծրագիրը կ’իրագործենք իմ շատ վաղեմի բարեկամ Կարօ Արմէնի կողմէ հիմնադրուած Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամին հետ»,- ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց «Մէգերեան» ընկերութեան սեփականատէր Րաֆֆի Մէգերեան:
Արդէն դեկտեմբերին եզակի այս գորգը կը ցուցադրուի ԱՄՆ-ի մէջ` Նիւ Եորքի մէջ իրականացուող COAF-ի ամէնամեայ դրամահաւաք-երեկոյի ընթացքին: Գորգը կը վաճառուի բարեգործական ձեռնարկին աճուրդի ժամանակ, ու հասոյթը ամբողջովին կը ծառայէ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի ծրագիրներուն:
«Այս համագործակցութիւնը նոր որակ կը հաղորդէ Հիմնադրամին ու «Մէգերեան» ընկերութեան վաղեմի բարեկամութեան: Հայաստանի երիտասարդները կը ծանօթանան հայկական հնագոյն արհեստներէն մէկուն` գորգագործութեան: Աւելին, անոնց բացառիկ հնարաւորութիւն կը տրուի սորվելու այդ արուեստը Հայաստանի ամենահեղինակաւոր ու հմուտ կառոյցներէն մէկուն մէջ»,- ընդգծեց Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի խորհուրդի ատենապետ դոկտոր Կարօ Արմէնը:
Համատեղ ծրագիրի մեկնարկը տուող ձեռնարկին ընթացքին Հիմնադրամի շահառու համայքներու արտադասարանային խմբակներու 80 սաներ` ազգագրութիւն, ձեռագործութիւն, գորգագործութիւն, անգլերէն, այցելեցին Մէգերեան Կարպետ: Անոնց համար իրականացուեցաւ ուսուցողական շրջայց Յովհաննէս եւ Նոեմի Մէգերեաններու անուան թանգարանին մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան արտադրամասին մէջ, ուր անոնք ծանօթացան հայկական գորգագործութեան աւանդոյթներուն:
Շրջայցէն յետոյ մասնակիցներուն համար գեղեցիկ անակնկալով հանդէս եկան «Մեր Տուն» ՀԿ-ի սաներն ու Վանանդի ազգագրութեան խմբակի անդամները` ներկայացնելով հայկական հարսանեկան ծէսը: