«Արցախի (Ղարաբաղի) Հիմնահարցը». Պատմական-Փաստագրական Յօդուածներու Ժողովածու Պարսկերէնով

Թեհրանի «Հեզար-է Քերման» հրատարակչութիւնը  1500 օրինակ տպաքանակով եւ գունաւոր տպագրութեամբ հրատարակած է Կովկասի եւ Թուրքիոյ հարցերու հետազօտող Իսակ Եունանէսեանի աշխատասիրած «Արցախի (Ղարաբաղի) հիմնահարցը» յօդուածներու պարսկերէն 399 էջէ բաղկացած ժողովածուն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, տաս գլուխներէ կազմուած պատմա-փաստագրական յօդուածներու ժողովածուն կը ներառէ թէ՛ կազմողի եւ թէ՛ հայ ու պարսիկ այլ փորձագէտներու յօդուածները:

Ժողովածուի յօդուածներու ցայտուն եւ ակնառու թեմաներն են` Հայաստանի պատմութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան (Ղարաբաղի) պատմութիւնը, Նախիջեւանի տարածաշրջանի պատմութիւնը, Ատրպէյճանի կազմաւորման գործընթացքը, հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւններու, Ղարաբաղեան  պատերազմի, Խոջալուի եւ յարանման դէպքերու արմատներու վերլուծումը, Թուրքիոյ ստանձնած դերակատարութիւնն այդ խնդիրներուն մէջ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հակահայ քաղաքականութիւնը:

Արծարծուած միւս կարեւորագոյն նիւթերն են` Ղարաբաղը Հայաստանին պատկանելու մասին խօսող իրանական եւ օսմանական աղբիւրներու քննարկումները: Գիրքի աւարտական գլուխներուն մէջ հեղինակը կը քննարկէ այդ հիմնահարցին մաս կազմող եւ չլուծուած հակամարտութիւնները, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ իրականացնել տարածաշրջանին մէջ ԶԼՄ-ներու պայքարին միջոցով, որ կը բովանդակէ պատմութեան յօրինում եւ արհեստական շինծու ինքնութեան ստեղծում: Հեղինակին տեսակէտէն` Ղարաբաղեան հիմնահարցին չլուծուած այդ կողմերը պատճառ  դարձած են, որ Ղարաբաղի տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցող եւ պաշտօնապէս գրանցուած աւելի քան 1600  քրիստոնէական պատմամշակութային կառոյցներով, վիմագիր արձանագրութիւններով, եկեղեցիներով, խաչքարերով ու գերեզմանատուներով, պահպանուած բազմաթիւ պատմական քարտէզներով, նշանաւոր պատմաբաններու գրութիւններով, Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Իրանի հարիւրամեակներով գերիշխանութեան փաստերու առկայութեամբ  հանդերձ, Ատրպէյճանի ղեկավար այրերն ու պատմաբանները անտեսելով կամ հերքելով ատոնք, զբաղուած են միլիարներ ծախսելով պատմութեան խեղաթիւրման ծաւալուն աշխատանքին վրայ, նպատակ ունենալով` գլխիվայր ներկայացնել բոլոր այն փաստագրութիւնները, վկայութիւնները եւ քարտէզները, որոնք պահպանուած են իրանցի, ռուս, եւրոպացի եւ հայ նշանուոր պատմագիրներու ու աշխարհագրագէտներու` Իրանի, Հայաստանի ու Ղարաբաղի պատմութեան մասին:

Հեղինակը լիայոյս է, որ սոյն աշխատասիրութեամբ հնարաւոր կ’ըլլայ պարսկալեզու ընթերցողին լուսաբանել Կովկասի տարածաշրջանի պատմութեան վերաբերող որոշ ճշմարտութիւններ եւ գիրքի հրատարակումով  քայլ մը կատարել ընդդէմ Իրանի ու Հայաստանի պէս պատմական հնամեայ ժողովուրդներու պատմութեան խեղաթիւրման:

Գիրքին մէջ յօդուածներ հրապարակած են` դոկտ. Կարէն Խանլարեան, Շահէն Յովսէփեան, Ռուբէն Գալիճեան, Անուշիկ Մելիքեան, Հայկ Դեմոյեան, Ռոբերտ Մարգարեան եւ գիրքը կազմող Իսակ Եունանէսեան: Ներառուած են նաեւ Թեհրանի «Փեյման» (Պայման) հայագիտական պարսկերէն եռամսեայ հանդէսին մէջ տպագրուած յօդուածներ` դոկտ. Էնայաթոլլահ-է Ռեզայէն, Քավեհ-է Պայաթէն եւ Թաթուլ Յակոբեանէն:

%d5%ab%d5%bd%d5%a1%d5%af-%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b6%d5%a1%d5%b6%d5%a5%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b6

Scroll Up