Տեղի Կ’ունենայ Գիտական Եւ Ստեղծագործական Լաւագոյն Աշխատանքներու «Մրցանակաբաշխութիւն 2016»-ի Արդիւնքներու Ամփոփման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը
Մայիս 2-ին, ժամը 16:00-ին Երեւանի մէջ Մոսկովեան մշակութա-գործարարական «Մոսկուայի տուն» կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի, Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ յայտարարուած գիտական եւ ստեղծագործական լաւագոյն աշխատանքներու «Մրցանակաբաշխութիւն 2016»-ի արդիւնքներու ամփոփման եւ վկայականներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը (հասցէ` Արգիշտի 7):
Ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան:
2007 թուականէն ի վեր բարի աւանդոյթ դարձած է Ռուսաստանի հայերու միութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ, Հայաստանի գրողներու, երգահաններու, լրագրողներու, նկարիչներու, ֆիլմ արտադրողներու միութիւններու հետ համատեղ իրականացուող լաւագոյն գիտական եւ ստեղծագործական աշխատանքներու համահայկական մրցանակաբաշխութիւնը:
Մրցանակաբաշխութեան հիմնական նպատակն է նպաստել 21-րդ դարու մարտահրաւէրները դիմակայելու գործին մէջ գիտութեան, գրականութեան եւ մշակոյթի դերի բարձրացման, Հայաստանի գիտական եւ ստեղծագործական մտաւորականութեան գործունէութեան աշխուժացման, աջակցիլ երկրի մտաւոր կեանքի աշխուժացան: «Մրցանակաբաշխութիւն 2016»-ն այս տարի թեմատիկ էր եւ կ’իրականացուի «Համազգային միասնութիւնը որպէս հաւաքական ուժի, հզօրութեան գրաւական» նշանաբանով` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեայ յոբելեանին: