Հայաստանեան Համալսարաններու Պատասխանատուներ Արեւելումի Հանդիպում Ունեցան Լիբանանահայ Վարժարաններու Բարձրագոյն Կարգերու Աշակերտներու Հետ
Ազդակ-Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` չորեքշաբթի, 26 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արեւելումի ներկայացում: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճներու, Սահակեան, ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարաններու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները:
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն բացատրեց, որ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջոցով Երեւանէն հասած են չորս համալսարաններու պատասխանատուներ, որպէսզի աշակերտներուն տեղեկութիւններ ներկայացնեն հայրենի համալսարաններուն մէջ դասաւանդուող մասնագիտութիւններու մասին:
Այնուհետեւ հերթաբար խօսք առին Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ, գիտութիւններու դոկտ. փրոֆ. Արման Եղիազարեան, Հայաստանի ազգային բազմարուեստից համալսարանի կրթական ծրագիրներու եւ ուսումնամեթոտական աշխատանքներու արհեստագիտութեան դոկտ. փրոֆ. Մարինա Պաղտասարեան, Երեւանի բժշկական համալսարանի օտարերկրացիներու ուսուցման գործընթացի պատրաստութեան ամպիոնի պատասխանատու վարիչ, բժշկական գիտութիւններու թեկնածու եւ արհեստագիտութեան դոկտ. փրոֆ. Զարուհի Կալիքեան, Եւրոպական կրթական շրջանային ակադեմիայի օտարերկրացիներու ուսուցման գործընթացի պատրաստութեան ամպիոնի եւ զբօսաշրջութեան ծառայութիւններու ամպիոնի վարիչ, աշխարհագրական գիտութիւններու թեկնածու Գոռ Մանասեան: Անոնք «փաուըր փոյնթ»-ով մանրամասնօրէն ներկայացուցին իւրաքանչիւր համալսարանի մէջ ուսուցուող մասնագիտութիւնները եւ գրաւոր տեղեկութիւններ ցրուեցին անոնց մասին:
Աւարտին աշակերտները յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին պատասխանատուներուն: