Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Խաչքար՝ Ախալցխայի Շրջանի Սազել Գիւղին Մէջ
Ապրիլ 23-ին, օրհնութեամբ Վիրահայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ` Գերշ․ Տէր Վազգէն Եպս․ Միրզախանեանի, Ախալցխայի շրջանի Սազել գիւղի Սբ․ Հռիփսիմէ մատուռի բակին մէջ, ձեռամբ Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսուչ` Հոգշ․ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանի եւ Ախալցխայի շրջաններու հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տէր Թորգոմ քհնյ․ Վարդանեանի՝ կատարուեցաւ խաչքարի օրհնութեան կարգ: Այս մասին կը տեղեկացնէ akhaltskha.net կայքը:
Խաչքարը կանգնեցուեցաւ գիւղի բնակիչ, բարերար` Մարտիրոս Սողոմոնեանի հովանաւորութեամբ, ի յիշատակ 1915 թուականի Հայոց Մեծ Եղեռնի Սուրբ Նահատակներուն: Քանդակագործ` Համլեթ Մանասեան:
Գիւղին մէջ բնակութիւն հաստատուած է 1829-30 թուականներուն: Սազելի բնակչութիւնը ներգաղթած են Էրզրումի Հնծա գիւղէն: Գիւղին մէջ կայ նաեւ եկեղեցի, որ կը կրէ Սբ․ Սարգիս զօրավարի անունը: Անիկա կառուցուած է 1872-73-ին: Սուրբ Հռիփսիմէ մատուռը կառուցուած է 1998 Ապրիլ 2-ին, Մառլէն Յովհաննէսի Համբարձումեանի կողմէ: Այժմ գիւղին մէջ կ՝ապրի մօտաւորապէս 110 ընտանիք: