Փորթուկալ Բնակող Հայերը Մեծ Աշխատանք Կը Տանին Երկու Երկիրներու Միջեւ Կապերու Ստեղծման Համար. Լիա Խաչիկեան

Ապրիլ 5-ին «Փորթուկալ -Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախաձեռնութեամբ Լիզպոնի համալսարանի գիրերու բաժանմունքին մէջ (Faculdade de Letras de Universidade de Lisboa) կայացած է «Հայոց լեզուի օր» խորագիրով համաժողով, որ վարած է «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» հիմնադիր անդամ Լիա Խաչիկեան, որ Լիզպոնի մէջ փորթուկալերէն լեզուի ու մշակոյթի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղուի եւ այսօր «Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցն է:

Լիա՛, ի՞նչը քեզի Փորթուկալ բերաւ:

– Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ եմ: Հէնց իմ մասնագիտութիւնս ալ 2014 թուականին ինծի բերաւ Փորթուկալ. եկայ որպէս ճարտարապետութեան ասպիրանտ: Շուտով հասկցայ, որ փորթուկալերէնի հանդէպ շատ մեծ հետաքրքրութիւն ու սէր ունիմ: Ուսումս աւարտելէ յետոյ որոշեցի անպայման վերադառնալ ու շարունակել փորթուկալերէն լեզուի ու մշակոյթի ուսումնասիրութիւնը: Այսօր արդէն ողջ գործունէութիւնս կապուած է փորթուկալերէնի ուսումնասիրութեան հետ:

Առաջի՞ն համագործակցութիւնդ է «Փորթուկալ –Հայաստան բարեկամութեան միութեան» հետ:

– Ո՛չ: Ես միութեան հիմնադիր անդամներուն խումբին մէջ  ընդգրկուած եմ: Սա ինծի համար համագործակցութիւն չէ, այլ մեր աշխատանքին մէկ մասը կը կազմէ: Աշխատանք, որն այս պարագային ուղղուած է  հայ-փորթուկալական մշակութային կապերուն, ինչպէս նաեւ` քաղաքական, գիտական, տնտեսական, մարզական եւ այլ կապերու զարգացման: Կրնանք փաստել, որ ներկայիս երկու երկիրներուն միջեւ կապն ու համագործակցութիւնը գրեթէ կը բացակային: Այս պատասխանատու գործի կրողն ալ հէնց «Փորթուկալ -Հայաստան բարեկամութեան միութիւնն» է` ի դէմս անոր բոլոր անդամներուն:

Ին՞չ եղանակով ներկայացուցիր հայերէնի մասին տեղեկութիւնները «Հայոց լեզուի օր» խորագիրով համաժողովին ժամանակ:

-Բաւականաչափ ընդհանրական ու հնարաւորինս ամփոփ:
Փորթուկալացի դիտողը առաջին անգամ  ներկայ կ’ըլլար հայերէնին նուիրուած ձեռնարկի: Խնդիրը անոնց մեր  լեզուին ու մշակոյթին ծանօթացնելն էր: Խօսուեցաւ հայերէնի աշխարհագրական տարածման մասին, լեզուի պատմութեան եւ զարգացման փուլերուն,  գիրերու ստեղծման, այբուբենի կազմութեան եւ յետագայ փոփոխութիւններուն, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հիմնական հնչիւնաբանական եւ բառապաշարի տարբերութիւններուն մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պատմական Հայաստանի տարածքին առկայ բարբառներուն եւս կարճ անդրադարձ եղաւ, ընդհանուր տեղեկութիւններ տրուեցան նաեւ լեզուի քերականական կառուցուածքին վերաբերեալ: Կրցանք նաեւ փորթուկալացի հանդիսատեսին ծանօթացնել հայ ժամանակակից բանաստեղծութեան հետ: Հնչեցին Յովհ. Թումանեանի, Յովհ. Շիրազի, Հ. Սահեանի եւ Պ. Սեւակի բանաստեղծութիւններէն:

Մատուցուող թեման ամբողջական ներկայացնելու համար ամէն ինչէ  քիչ մը խօսեցանք, որովհետեւ հանդիսատեսը փոքրիկ խաղերու միջոցով եւս մասնակցութիւն կ’ունենար. որոշ մասնակիցներ անգամ փորձ ունեցան հայերէն բառեր սորվելու եւ արտասանելու:

Հասկնալի է, որ նիւթը բաւականաչափ դժուարամարս էր օտարերկրացիներուն համար, այդ իսկ պատճառով փորձած էի հնարաւորինս ազդեցիկ  եւ թեթեւ դարձնել ներկայացումը: Այդ գործին մէջ այնչափ օգնեց նաեւ «Կոնսոնանսիա»  լարային նուագախումբի մենակատարներէ կազմուած քառեակը, որ փայլուն կերպով եզրափակեցին իմ ելոյթս` հանդիսատեսին ներկայացնելով հայ երաժշտութեան գլուխգործոցներ:

Լիա, քու կարծիքովդ կրցա՞ր հայերէնի մասին տեղեկութիւնները մասնակիցներուն փոխանցել:

-Դատելով յետագայ արձագանքներէն` շնորհաւորանքներ, շնորհակալութիւններ, ստացուած նամակներ, տպաւորութիւնը, իսկապէս, մեծ էր: Շատերը մօտեցան ու շնորհակալական խօսքեր ըսին, որ իրենց համար բացարձակապէս անծանօթ  աշխարհի մը մասին հետաքրքիր փաստեր իմացան, որոշ բաներ սորվեցան ու որ կարեւորն էր, հաճոյքով ու հետաքրքրութեամբ անցուցին իրենց աշխատանքային օրուան աւարտը:

Լիզպոնի Համալսարանի գիրերու բաժանմունքի (Faculdade de Letras de Universidade de Lisboa)  քանի մը ամբիոններու կողմէ անգամ յետագայ համագործակցութեան առաջարկներ եղան, որոնք անպայման պիտի քննարկենք:

Քանի մը փորթուկալացի լեզուաբաններ խնդրեցին տեղեկութիւններ` լեզուն ուսումնասիրելու հնարաւորութիւններու մասին: Սա անոնց համար, եւ ինչու՞ ոչ` մեզի համար, հետազօտութիւններու նոր հարթակ է, նոր հնարաւորութիւններու սկիզբ:
Այս ամէնէն կարելի է եզրակացնել, որ մեկնարկը կայացած է. մէկ քայլ առաջ դրինք, հաստատապէս` մշակութային ու գիտական կապերու ստեղծման ու խորացման ճանապարհին:

Լիա՛, քու խօսքերդ կը փաստեն, որ նման ձեռնարկները համագործակցութեան նոր հեռանկարներ կը բանան երկու երկիրներուն միջեւ:

-Ինչպէս արդէն նշեցի, մենք` թէ «Փորթուկալ-Հայաստա՛ն բարեկամութեան միութիւնը», եւ թէ՛ Փորթուկալ  բնակող հայ անհատները, մեծ աշխատանք կը տանինք երկու երկիրներու միջեւ կապերու ստեղծման համար: Բացի այդ, այս երկու ազգերը չափազանց շատ նմանութիւններ ունին. Ատիկա կը փաստեն եւ՛ փորթուկալացիներուն, Փորթուկալ ճանչցող հայերը, եւ՛ հայերուն ու Հայաստան ճանչցող փորթուկալացիները: Այս տեսանկիւնէն նման ձեռնարկները կը նպաստեն իրարու  հանդէպ հետաքրքրութեան խորացմանն ու յետագայ համագործակցութիւններու կայացման: Չէ՞ որ յաջող համագործակցութեան համար առաջին հերթին կարեւոր է ճանաչողութիւնն ու հետաքրքրութիւնը: Ինչպէս ալ պտտինք, նման ձեռնարկներն ուղղակի անհրաժեշտութիւն են:

Եզրափակոլով խօսքս` իմ եւ «Փորթուկալ -Հայաստան բարեկամութեան միութեան» անունէն կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեր կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան եւ հաճելի հարցազրոյցին համար:

Լուսինէ Աբրահամեան

%d5%bd%d5%a5%d5%b4%d5%ab%d5%b6%d5%a1%d6%803

Scroll Up