Ստեղծուած Է ՀՀ Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներու Կազմակերպման Պետական Յանձնաժողով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/Սարդարապատ.jpg)
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հրամանագիր ստորագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման պետական յանձնաժողով ստեղծելու մասին: Յանձնաժողովի նախագահը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն է:
Յանձնաժողովին յանձնարարուած է` երկամսեայ ժամկէտին մէջ մշակել եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հաւանութեան ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրը: