Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչումներուն Պէտք է Համահայկական եւ Համալիբանանեան Բնոյթ Տրուի. Հաղորդագրութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/3-gousagtsoutiounner_-1.jpg)
Երէկ, կէսօրին, Լիբանանի մէջ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները, հանդիպում մը ունեցան «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին մանրամասնեալ քննարկումի նիւթ դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումներու կազմակերպչական աշխատանքներու յառաջ մղումը: Հանդիպումին մասնակիցները անգամ մը եւս շեշտեցին եւ ընդգծեցին ոգեկոչումներուն համահայկական եւ համալիբանանեան բնոյթ ու տարողութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ