Ս Զատկուան Պատարագ Նիկոսիոյ Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/gibrahay6805.jpg)
Ս. Յարութեան Տօնին առիթով, Կիրակի 16 Ապրիլ 2017-ին, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան խորհուրդին մասին քարոզեց Թեմիս Կաթ. Փոխ. Գերաշնորհ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան՝ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խնկաբոյր կամարներուն տակ, հայ հաւատացեալ հանրութեան հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Իր բովանդակալից քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը յատկապէս շեշտեց որ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը էապէս յաղթանակն է կեանքին մահուան դէմ…աւելցնելով որ անիկա աւետիս է հոգեւոր նոր ծնունդի, նոր կեանքի, քանզի մեզմէ իւրաքանչիւրը աշխարհ կու գայ Աստուծոյ կամքով առաքելութիւն մը ի կատար ածելու համար, տառապելու, չարչարուելու անընկճելի ոգիով եւ շունչով, հաւատքով, մարդավայել վարքով….պատրաստուելու եւ արժանի դառնալու համար ճշմարիտ յաւիտենական կեանքին: Ան նշեց որ Ս. Յարութիւնը մենք կ’ապրինք ամէն օր, ամէնօրեայ ներկայութեամբ, ինչպէս մեր եկեղեցիներու ճակատներուն վրայ դրոշմուած «Է» տառը….Իսկ մեր ժողովուրդը իր ողջ պատմութեամբ յարութեան սխրալի խորհուրդը ունի, մահէն, Գողգոթայէն դէպի կեանք գացող, Վարդանանց օրերէն….«Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեաց»….մինչեւ հիմա: Ան յատկապէս յիշատակեց Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մեր քաջարի մարտիկներուն պաշտպանութիւնը հայրենեաց սուրբ հողին, երբ ազերին անակնկան կերպով կը յարձակէր Թալիշի վրայ, գազանաբար սպաննելով, բռնաբարելով, գլխատելով, անարգելով ծեր ու երեխայ…. ինչպէս նաեւ՝ Ապրիլեան Եղեռնի հայուն Գողգոթան, զոր հայը յաղթահարեց յաղթական Սարդարապատով…
Հիմա ալ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ս. Յարութիւնը մեզի կը պատգամէ իրարու աչքին նայիլ եղբայրաբար, հայկականութեամբ տոգորուն, քրիստոնէական ոգիով եւ գոչել՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»: Ան աւելցուց որ իւրաքանչիւր հայ, իւրաքանչիւր ազգային գործիչ՝ աշխարհական թէ եկեղեցական, պարտի պարտականութեան գիտակցութեամբ, իր արմատներուն վերադարձով, ազգային շունչով եւ ոգիով մօտենալ իր պաշտօնին՝ ազգային եկեղեցական կեանքէն ներս, կրթական-ընտանեկան յարկերուն տակ, որպէսզի իմաստ ունենայ Ս. Յարութեան տօնը եւ ձգտիլ լաւէն լաւագոյնին ու դեռ աւելիին:
Այս մասին կը յայտնէ Ազատ Խօսք: