«Հազար ու մի Խաղ» Յուշ-Երեկոյ` Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Ընդառաջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին ընդառաջ` Ապրիլ 23-ին, ժամը 17:00-ին, Կոմիտաս թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հազար ու մի խաղ» յուշ-երեկոն: Այս մասին կը յայտնէ Թանգարան-հիմնարկի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:

Հանդիպման ընթացքին մասնակիցները պիտի ծանօթանան եւ երգեն տարբեր բանահաւաքներու կողմէ գրի առնուած ժողովրդական երգեր, որոնք մեզի հասած են Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած երգասացներու միջոցով:

Մուտքը ազատ է:

Scroll Up