«Շարժում» կը վերակոչէ Փարիզի փողոցները Հայ դատի պաշտպաններու անուններով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/Սոսե-Մայրիկ.jpg)
Երիտասարդական «Շարժում» կազմակերպութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլեան ոգեկոչումներու շրջանակին մէջ նախաձեռնած է յատուկ գործողութեան մը. իր անդամները Փարիզի որոշ փողոցները կը վերակոչեն Հայ դատին ի նպաստ գործած կամ գործող, անոր զօրակցած կամ զօրակցող ծանօթ անձնաւորութիւններու անուններով:
Ըստ «Շարժում»-ին՝ կը վերանուանուին այն փողոցները որոնք կը կրեն բռնատէրերու, ցեղապաշտներու կամ գաղութարարներու անուններ: Օրինակ Սօսէ Մայրիկը եկած է փոխարինելու Ապէլ Հովըլաքը («ՆՅ» – Լեզուաբան, մարդաբան, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին փորձած է ապացուցել, թէ Ափրիկեցիները կապիկներ են):
Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին՝ Փարիզի եւ մերձաւոր արուարձաններու շարք մը փողոցներ հայ կամ ոչ-հայ անձնաւորութիւններու (ինչպէս Սօսէ Մայրիկ, Սողոմոն Թեհլիրեան, Մոնթէ Մելքոնեան, Զապէլ Եսայեան կամ Փընար Սելեք) անուններով վերակոչելով՝ «Շարժում» կը մեծարէ Հայ դատի զինուորեալները կամ պաշտպանները:
Ըստ «Շարժում»-ի, հայ ժողովուրդի պայքարը պէտք չէ անջատել ազատատենչութեան միւս պայքարներէն: Այդ պատճառով ալ Հայ դատի զինուորեալներու եւ պաշտպաններու անուններ կրող պաստառներով կը ծածկեն փողոցներու այն բոլոր ցուցանակները, որոնք կը կրեն ոչ միայն Հայերուն հանդէպ ցեղապաշտական կեցուածք ցուցաբերած անձնաւորութիւններու, այլ նաեւ գաղութարարներու, Սեւամորթներու հանդէպ ցեղապաշտներու, հակասեմականներու կամ ժողովուրդներ ճնշողներու անուններ:
«Շարժում»-ի հաղորդագրութիւնը կ՚եզրափակուի հետեւեալ տողերով.- «Եթէ խորհրդանշականօրէն կարեւոր է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը, էական է նաեւ մեծարել բոլոր անոնք, որոնք իրենց գործով, գրիչով մարմնաւորեցին կամ կը շարունակեն մարմնաւորել դիմադրութիւնը ընդդէմ թրքական պետութեան գաղափարախօսական եւ ցեղասպանական ձգտումներուն»։