ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ Art For A Cause Ցուցահանդէս-Վաճառքին Բացումը

ՀԲԸՄ -ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2017, երեկոյեան ժամը 6-ին, Զէյթունա Պէյ-ի «Եախթ Գլապ Կալերի»ի մէջ, Պէյրութ, արուեստասէր ընտրանիի մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ հայ եւ օտար նկարիչներու աւելի քան 125 կտաւներու ցուցահանդէս վաճառքին պաշտօնական բացումը:
Բացման ժապաւէնը հատեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժեռար Թիւֆենկճեանը, կողքին` պաշտպանութեան նախարար Եաքուպ Սարաֆը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան լիազօր եւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, երեսփոխան Արթիւր Նազարեանը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը:
Բացումին յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը: Այդ միջոցին ներկաները ծանօթացան նկարչական տարբեր դպրոցներ ներկայացնող Կիրակոսեանի, Ժանսեմի, Հրայրի, Յակոբ Յակոբեանի, Յարութ Թորոսեանի, Գլոտ Վենարի, Անտրէ Լասքոյի եւ այլ հանրածանօթ արուեստագէտներու գործերուն: Լիբանանեան մամուլը եւ հեռատեսիլի կայաններ լայնօրէն արձագանգեցին ցուցահանդէսին:
Նշենք, թէ ցուցահանդէս-վաճառքը բաց է Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլէն մինչեւ Կիրակի, 23 Ապրիլ 2017, առաւօտեան ժամը 11-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը՝ 8.30: Ուրբաթ, 21 Ապրիլ երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի պիտի ունենայ յատուկ աճուրդ – վաճառք:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ