Հայ Համայնքը Սերպիոյ ՄԷջ Մեծ Յարգանք Կը Վայելէ. Կաթողիկոսն Ընդունած Է Հայաստանի մէջ Սերպիոյ Նորանշանակ Դեսպանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/65287.jpg)
Հայ համայնքը Սերպիոյ մէջ սիրուած է եւ մեծ յարգանք կը վայելէ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ հանդիպման ըսած է Հայաստանի մէջ Սերպիոյ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դեսպան Տուշան Սպասոեւիչին (նստավայրը` Աթէնք):
Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ, Վեհափառ Հայրապետը, շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման առիթով, կարեւոր համարած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան ընդլայնումը:
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձած է երկու ժողովուրդներու պատմական առնչութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Սերպ Ուղղափառ Եկեղեցիներու եղբայրական կապերուն: Այս առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դեսպանին միջոցով իր բարեմաղթանքներն ու ողջոյնները փոխանցած է Սերպ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ Իրենէոս Պատրիարքին:
Զրոյցի ընթացքին խօսուած է նաեւ երկու Եկեղեցիներու առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրներու եւ ատոնց յաղթահարման ուղղուած ջանքերուն մասին: