Թուրքիոյ Մէջ Քալիֆորնիոյ Ներդրումները Ետ Քաշելու Բանաձեւը Վաւերացուեցաւ Խորհրդարանական Յանձնախումբին Կողմէ

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հանրային մարզի պաշտօնեաներու եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու յանձնախումբը (PERSS) Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19-ին, միաձայնութեամբ (5-0) վաւերացուց նահանգային խորհրդարանի անդամներէն Ատրին Նազարեանի հեղինակած այն բանաձեւը (թիւ 1597), որ կը պահանջէ ետ քաշել Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց գլխաւոր հիմնադրամներուն (ներառեալ՝ «CalPERS» եւ «CalSTRS») կողմէ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ներդրումները։

Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ վերջին քանի մը տարիներուն, Նազարեան այս նպատակով տարբեր մակարդակներու վրայ աշխատանք տարած է՝ ապահովելով բանաձեւին համահեղինակ Սքաթ Ուիլքի ամբողջական աջակցութիւնը։

Նշենք, որ Սքաթ Ուիլք Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ է։

Յանձնախումբին կողմէ վաւրացումը առաջին քայլն է բանաձեւը օրէնքի վերածելու գործընթաղցին մէջ։ Այդ մէկը պիտի իրականանայ, երբ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանն ու Ծերակոյտը վաւերացնեն զայն, որմէ ետք անիկա պէտք է ստորագրուի նահանգապետին կողմէ։

Բանաձեւին վաւերացման ի նպաստ ելոյթներ ունեցան Ատրին Նազարեան եւ Հայ Դատի Արեւմտեան Ամերիկայի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերով վարիչ Հայկ Պաղտասարեան։ Յանձնախումբի ատենապետ Ֆրետի Ռոտրիկեզ, ինչպէս նաեւ մնացեալ չորս անդամները՝ Թրեվիս Ալըն (փոխատենապետ), Սըպրինա Սերվանթես, Քեն Քուլի եւ Փեթրիք Օ՛Տանըլ անոր ի նպաստ քուէարկեցին

Scroll Up