ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Մայրերու Վարչութեան Կազմակերպութեամբ Թէյասեղան

ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի Անթիլիասի Մայրերու Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 31 Մարտ, 2017 ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական TEA TIME –ը՝ երկու հարիւր մասնակիցներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր Դեսպանին Տիկինը Էլիզապէթ Մկրտչեանը եւ անձնակազմի տիկինները: Հիւրերու շարքին էին նաեւ յայտնի անձնաւորութիններ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ

Գործադիր Մարմիններու տիկիններէն եւ ՀԲԸՄ-Ի տիկնանց վարչութիւններու եւ

այլ միութեանց պատասխանատու կանանց ներկայացուցիչներ:

ՀԵԸ-ի Անթիլիասի Մայրերու Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Մայտա

Քիւրէճեանը բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց բոլոր ներկաները եւ

բարի ժամանց մաղթեց՝ ներկայացնելով խնամքով պատրաստուած յայտագիրը: Տիկ.

Քիւրէճեան անդրադարձաւ վարչութեան անցեալի գործունէութեան եւ

powerpoint-ի նկարներով ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց այդ ձեռնարկներուն վրայ:

Ապա, ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

Օրուան հիւրը տիկ. Մարալ Պուճիքեան բեմ հրաւիրուեցաւ՝ ներկայացնելու համար

Զատկուան տօնին առիթով պատրաստուող տարբեր ուտեստներու խոհագիրները, ինչպէս՝ գունաւոր Չէորէկին, Սուշիի կարկանդակին եւ Քինօայով աղցանին:

Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան տիկին Մարալ Պուճիքեանի բացատրութիւններուն:

Յայտագիրի աւարտին տիկ. Մայտա Քիւրեճեան շնորհակալութիւն յայտնեց տիկ.

Պուճիքեանին եւ վարչութեան կողմէ յիշատակի նուէր մը յանձնեց յարգելի

հիւրին:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Ներկաները բախտաւորուեցան արժէքաւոր նուէրներով:

Բոլորը հրաւիրուեցան ճաշակելու համեղ խմորեղէններ եւ անուշեղէններ:

Վարձքը կատար ՀԵԸ-ի Անթիլիասի Մայրերու Վարչութեան անդամուհիներուն

այս շատ օգտաշատ հաւաքոյթին եւ բծախնդիր աշխատանքին համար:

Այս մասին կը յայտնէ agmamoul.net.

Scroll Up