Հպարտութեան Պահ Հայութեան Համար. Ամերիկեան Դատարանի Շէնքը Անուանակոչուած Է Նահանգապետ Տէօքմեճեանին Անունով

Երկու նշանաւոր ամերիկահայեր վերջերս արժանացած են բացառիկ պարգեւներու` հպարտութեան զգացում պարգեւելով հայութեան իրենց իրագործումներուն համար:

Յուլիսին Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերը յայտարարած էին, որ նոր ռազմանաւերէն մէկը պիտի կրէ Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային կառավարութեան ամենաբարձրաստիճան ամերիկահայ պաշտօնեայ Փոլ Իգնատիուսի (Իգնատոսեան) անունը: Ան ութ տարի շարունակ ծառայած է Ճոն Քենետիի եւ Լինտըն Պ. Ճոնսընի նախագահական վարչակազմին` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու բանակի նախարարի օգնական, բանակի նախարարի տեղակալ, պաշտպանութեան նախարարի օգնական եւ, վերջապէս, 1967 թուականին` Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու նախարար:

Անցեալ շաբաթ Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչ քաղաքին մէջ Գերագոյն դատարանի նոր շէնք մը անուանակոչուեցաւ նահանգապետ Ճորճ Տէօքմեճեանին անունով: 339 միլիոն տոլար արժող դատական համալիրին անուանակոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 21-ին:

Նահանգապետ Տէօքմեճեան 28 տարի շարունակ պատուով ծառայած է Քալիֆորնիոյ նահանգին: 1982 թուականին իբրեւ նահանգապետ իր առաջին ընտրութեան աննշան առաւելութեամբ յաղթելէ ետք, ան համոզիչ յաղթանակով վերընտրուեցաւ 1986 թուականին: Նախապէս ան չորս տարի աշխատած էր իբրեւ գլխաւոր դատախազ (1979-83 թթ.), տասներկու տարի` նահանգային ծերակուտական (1967-1979 թթ.) եւ Ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդ (1969 թ.) եւ չորս տարի` նահանգի օրէնսդիր մարմնի պատգամաւոր (1963-67 թթ.): 1988 թուականին, այն ժամանակ փոխնախագահ եւ նախագահութեան թեկնածու Ճորճ Պուշ աւագը նահանգապետ Տէօքմեճեանին նկատի ունեցած էր իբրեւ փոխնախագահի հնարաւոր թեկնածուի: Սակայն Տէօքմեճեան խնդրած էր իր անունը հանել քննարկումէն, որպէսզի Քալիֆորնիան չձգէ դեմոկրատ փոխնահանգապետին մը ձեռքը: Եթէ Տէօքմեճեանը չհրաժարէր եւ դառնար Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահի թեկնածուն, ան այդ տարի կրնար ընտրուիլ փոխնախագահ, նախագահ Պուշի հետ միասին: Հետագային ան կրնար առաջադրուիլ նախագահի պաշտօնին եւ դառնալ Միացեալ Նահանգներու առաջին հայ նախագահը:

Նահանգապետը մեծարելու համար աւելի քան 500 պետական պաշտօնեաներ, նախկին գործընկերներ, բարեկամներ, ընտանիքի անդամներ եւ հիւրեր կը մասնակցէին դատարանի շէնքի անուանակոչման արարողութեան: Շնորհաւորական ուղերձներով հանդէս եկան Քալիֆորնիոյ Գերագոյն դատարանի, Լոս Անճելըսի շրջանային Գերագոյն դատարանի, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի, Նահանգային օրէնսդիր պալատի, Լոս Անճելըսի շրջանային խորհուրդի անդամները, Լոնկ Պիչի քաղաքապետը եւ Լոնկ Պիչի իրաւաբաններու ընկերակցութիւնը:

Աւելի քան 50.000 քառակուսի մեթր մակերես ունեցող Տէօքմեճեանի անուան դատարանի շէնքը կը ներառէ 31 դատական դահլիճ, վարչական տարածքներ, կալանքի տակ պահելու տարածքներ, շրջանի արդարադատութեան մարմիններու գրասենեակներ եւ համատեղելի առեւտրական տարածքներ: Շէնքը աչքի կը զարնէ անվտանգութեան եւ բնապահպանական վերջին նորամուծութիւններով ապահովուած գործնական հանրային տարածքներով` գործարարութեան արդիւնաւէտ վարման եւ ողջ շէնքին մէջ մարդոց տեղաշարժման համար:

Բանախօսները յաջորդաբար ընդգծեցին նահանգապետ Տէօքմեճեանին կայուն ընտանեկան արժէքներն ու անոր հայկական ժառանգութիւնը: Քալիֆորնիոյ գերագոյն դատարանի դատաւոր Մարուին Պաքսթըր (Պաղտասարեան), որ աշխատած էր նահանգապետ Տէօքմեճեանին մօտ իբրեւ նշանակումներու քարտուղար, իր ելոյթին մէջ նշեց, որ նահանգապետը «1955 թուականին Նիւ Եորքէն տեղափոխուած է Քալիֆորնիա` զինուած ըլլալով միայն իր իրաւաբանական կրթութեամբ եւ ամերիկահայ ներգաղթեալ ծնողներու ներարկած բարձր սկզբունքներով® Ան եղած է ականաւոր օրէնսդիր, գլխաւոր դատախազ եւ նահանգապետ: Արժանացած է մեր յարգանքին ու պահպանած է զայն աւելի քան քառորդ դար ամենաբարձր մակարդակներու վրայ գերազանց հանրային ծառայութեան միջոցով»:

Նահանգապետ Տէօքմեճեան ծնունդով Նիւ Եորքի Մենանտս գիւղէն է. ծնողները զինք կնքած էին Գուրգէն անունով: Հայրը` Գուրգէնը, Այնթապէն էր, իսկ մայրը` Էլպիսը (Ալիս), Արաբկիրէն:

Դատաւոր Պաքսթըրը յիշեցուց, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական խորհուրդը միաձայն քուէարկութեամբ որոշած էր նոր շէնքը կոչել իբրեւ նահանգապետ Ճորճ Տէօքմեճեանի անուան դատարանի շէնք: «Այս որոշումը կ’արտացոլէ զոյգ կուսակցութիւններուն յարգանքն ու աջակցութիւնը», որ նահանգապետը կը վայելէ «այս ամբողջ երկրին եւ նահանգին կողմէ», հպարտութեամբ յայտարարեց Պաքսթըր:

Քալիֆորնիոյ 35-րդ նահանգապետը երեկոյի վերջին ելոյթ ունեցողն էր մինչ յուշատախտակի բացումը` շրջապատուած կնոջ` Կլորիայի, երեխաներուն եւ թոռներուն կողմէ:

«Այնքան շատ խումբեր վարպետօրէն միաւորուած են իրենց տաղանդով ու փորձով` դատարանի իսկապէս արտակարգ նոր շէնքը Լոնկ Պիչի մէջ կառուցելու համար», յայտարարեց նահանգապետ Տէօքմեճեանը: «Ասիկա բացառիկ կերպով կը համապատասխանէ քաղաքի դիմագիծին ու կառուցուածքին, եւ ես ուրախ եմ ու հպարտ, որ իմ անունս կապուած է անոր հետ»: Ան անուանակոչութեան արարողութիւնը անուանեց «հրաշալի, յուզիչ եւ խոնարհեցնող դափնեպսակ իմ կեանքին եւ պետական ծառայութեան ասպարէզին մէջ»:

Նահանգապետ Տէօքմեճեանը զուարթ տրամադրութեամբ ինքն իրեն թերագնահատող ելոյթ ունեցաւ` իր հանրայայտ «Քարիզմայի բացակայութեան» եւ երկար ազգանուան մասին, որ երբեք չէ մտածած փոխել կամ կրճատել: «Իմ միակ մտահոգութիւնս այն էր, որ իմ անունս չի տեղաւորուիր» դատարանի շէնքին վրայ, կատակեց նահանգապետը` զուարճացնելով ներկայ գտնուող հիւրերը:

Կարելի է յուսալ, որ շուտով 85-ամեայ նահանգապետը իր առաջին այցը պիտի կատարէ Հայաստան: Շատ կարեւոր է, որ հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդ սերունդը ճանչնայ զինք իբրեւ օրինակելի եւ ոգեշնչման ակնառու տիպարի` իրենց ապագայ նուաճումներուն համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up