Թրամփէն Մեր Ակնկալիքը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Ազնիւ Դիրքորոշում Ունենալն է․ Արամ Համբարեան

Դեռ կը սպասենք, պէտք է տեսնենք` արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ապրիլ 24-ին պիտի նախընտրէ խօսիլ փաստերու լեզուով, թէ՞ տուրք պիտի տայ Թուրքիոյ ճնշումներուն: Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին խօսելով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ըստ արժանուոյն յարգելու կոչին` ըսած է Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, որ նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն է:
«Եթէ ան մատնանշէ բարոյական արժէքներու, պատմական փաստերու մասին, ան շատ ճշմարիտ բան պիտի ընէ: Կը նշանակի, որ ան ըստ արժանուոյն կը յարգէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը»,- ըսած է ան:
Արամ Համբարեան նշած է, որ ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուող ճնշումը որոշիչ կ՛ըլայ միշտ․ անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն, որ ԱՄՆ-ի վարչակազմէն եւ ոչ ոք արտասանէ Հայոց ցեղասպանութիւն բառակապակցութիւնը:
«Դեռ ժամանակ կայ, տեսնենք` Տանըլտ Թրամփ պիտի հետեւի՞ պատմութեան, փաստերուն, բարոյական արժէքներուն, թէ՞ Թուրքիոյ ճնշումներուն պիտի ենթարկուի»,- ըսած է Արամ Համբարեան:
Անդրադառնալով ԱՄՆ նոր նախագահ Թրամփի քաղաքականութեան` ան նշած է, որ իրենք հիմա կը փորձեն հասկնալ` ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը կ՛աշխատի, որքան երկրի կառավարումը կ՛առաջնորդուի նախագահի որոշումներով եւ որքան` Արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումներով:
«Մենք դեռ կը փորձենք ատիկա հասկնալ, դեռ ամբողջովին պարզ չէ: Դեռ պէտք է պարզենք, թէ ԱՄՆ նոր վարչակազմին մէջ ինչպէս աշխարհաքաղաքական, արտաքին քաղաքական եւ այլ հարցերով որոշումները կը կայացուին»,- ըսած է ան:
Հարցումին, թէ ինք, իբրեւ հայկական հարցերւ լոպպինկը իրականացնող կառոյցի ղեկավար, ինչպէ՞ս կը գնահատէ ԱՄՆ նոր վարչակազմի հետ աշխատանքներու հնարաւորութիւնը, արդեօ՞ք հեշտ է անոնց հետ աշխատիլը, ան պատասխանած է․ «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը միշտ կ՛աշխատի քոնկրեսականներու հետ եւ անոր հետ, որ կ՛ընտրուի նախագահ: Ատիկա մեր պարտականութիւնն է: Մենք որեւէ որոշում կայացնելու ատեն կը փորձենք հասկնալ, թէ ինչպէս կրնանք օգնել Հայաստանին: Այդ պատճառով մենք բոլորին հետ գործ կ՛ունենանք: Եթէ Քոնկրեսի կամ Ծերակոյտի անդամները ցանկան Հայաստանին օգնել, ցանկան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, մենք անոնց հետ կ՛աշխատինք: Մենք կ՛աշխատինք մեր բոլոր խնդիրներու ուղղութեամբ»:
Արամ Համբարեան, վերադառնալով ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան թեմային, նշած է, որ տարիներ առաջ Թուրքիան շատ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունէր այն մարդոց հետ, որոնք կրնային կանխել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Բայց հիմա անոնք չունին այդ յարաբերութիւնները: Բացի այդ, Միջին Արեւելքի մէջ հիմա կատարուողը նման է Հայոց ցեղասպանութեան, եւ ես կը կարծեմ, որ շատ ամերիկացիներ ատիկա կը տեսնեն: Նաեւ պէտք է պահել խոստումը` Հայոց ցեղասպանութեան թեման միշտ ԱՄՆ-ի մէջ ուշադրութեան կենտրոնին պահելով: Եւ պիտի գայ օր մը, երբ Թուրքիան այլեւս պիտի չկարենայ ազդել ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ»,- ըսած Համբարեան:
Անոր խօսքով` անկախ ամէն ինչէ, իրենք կը փորձեն այլ ուղղութիւններով ալ հայկական խնդիրները առաջ տանիլ: Ան յիշատակեցած է, որ ԱՄՆ 4 նահանգ արդէն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս տարի Ապրիլ 20-ին ԱՄՆ նոր նախագահէն ակնկալիքը մէկն է` Թուրքիոյ` լռեցնելու քաղաքականութիւնը մերժելը ու Հայոց ցեղասպանութեան հարցով ազնիւ դիրքորոշում ընդունիլը:
Յիշեցնենք, որ նոր ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր քարոզարշաւի ժամանակ երբեք չէ խօսած հայկական հարցերու շուրջ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած եւս ոչ մէկ խոստում տուած է:
Նշենք նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի աւելի քան 80 անդամներ կոչ ուղղած են նախագահ Տանըլտ Թրամփին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: