Հայաստանցի Դասախօսը` ԱՄՆ-ի ՄԷջ Ճանչցուած է Որպէս Անգլերէնի Լաւագոյն Ուսուցիչ

ԱՄՆ-ի մէջ 2017թ. անգլերէն լեզուի լաւագոյն դասաւանդող ճանչցուած է հայազգի Սուսաննա Մաքֆիլոմը: Ան արժանացած է ամերիկացի դրամատուրգ, բանաստեղծ եւ երգահան Սթիւըն Սոնտհայմի մրցանակին:
Մաքֆիլոմին, որուն հեղինակաւոր մրցանակին համար առաջադրած էին անոր ուսանողները, ամերիկեան «Քենետի» կեդրոնի որոշմամբ ընդգրկուած էր տարուան անգլերէնի լաւագոյն դասաւանդողներու տասնեակին մէջ, կը գրէ Sputnik-Արմէնիան Alexandria News-ի յղումով:
Սուսաննա Մաքֆիլոմին ԱՄՆ տեղափոխուած է Հայաստանէն, ուր երկար տարիներ դասաւանդած է Երեւանի մանկավարժական համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է պաշտօնատար անձանց թարգմանիչ: ԱՄՆ-ի մէջ Մաքֆիլոմին դասաւանդած է Վիրճինիա եւ Եութա նահանգներու ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ: 2013-ին Սուսաննան լեզուներու մասնաւոր դպրոց բացած է Ալեքսանտրիա քաղաքին մէջ: