Լիբանանի ՄԷջ ՀՀ Դեսպանը, Դեսպանութեան Անձնակազմը Մասնակցեցան Սուրբ Յարութեան Տօնին Առիթով Մատուցուած Սուրբ Պատարագին

Ապրիլ 17-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմը մասնակցեցան Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա Կաթողիկոսի ձեռամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագին:
Ինչպէս կը տեղեկանեն դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջէն, այնուհետեւ դեսպան Մկրտչեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը այցելեցին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդարան, Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքարան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցի` շնորհաւորելու հոգեւոր առաջնորդներն ու հաւատացեալ հայ համայնքը Սուրբ Զատiկի օրուան առիթով: