Սահակ-Մեսրոպ Երգչախումբը Իր 40-Ամեայ Յոբելեանը Նշած Է Ծաղկազարդին

9 Ապրիլ 2017-ին՝ Ծաղկազարդի Կիրակին, Մարսէյի Մայր Եկեղեցւոյ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը տօնակատարեց իր 40-րդ տարեդարձը։ Իր հիմնադիր տնօրէն Պրն. Խաչիկ Եըլմազեանի ղեկավարութեամբ երգչախումբը մասնակցեցաւ Ծաղկազարդի պատարագին, զոր մատուցեց Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, այս մասին Հայերն այսօր-ին կը տեղեկացնեն Ֆրանսայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդարանէն:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ յատուկ օրհնութիւն երգչախումբի անդամներուն եւ հոգեհանգիստ՝ մահացած անդամներու հոգիներուն համար։ Տ. Արամ Քհնյ. Ղազարեան կարդաց երգչախումբի նախագահներու, նուիրատուներու եւ օժանդակողներու անունները։ Պատարագէն ետք յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր ներկայ էին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ընտրեալ Տեղապահ Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, Ծխական Խորհուրդի նախագահ եւ Թեմական Խորհուրդի փոխ նախագահ Տօքթ. Ռոպէր Ազիլազեան եւ շուրջ հարիւր հաւատացեալներ ու երգչախումբի համակիրներ։ Երգչախումբի ղեկավար Խ. Եըլմազեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց անդամներուն եւ ներկաներուն, ապա Գարեգին Արք. Պէքճեան կարճ պատմականը ըրաւ երգչախումբին։ Ձեռնարկը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով եւ օրհնութեամբ։