Վահան Սրբազանը Այցելեց Հայկական Ծերանոցներ

Ուրբաթ 7 Ապրիլին, Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, ընկերակցութեամբ Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մանուէլ Քհնյ. Ռաշօ-Յովհաննէսեանի այցելեց հայկական ծերանոցներ։ Առաջին հերթին անոնք եղան Մոնմորանսիի հայկական ծերանոց, ուր դիմաւորուեցան Ընկերային Օժանդակութեան Հայկական Ընկերակցութեան նախագահ Պրն. Ալէն Թուհատեանի եւ Հայդաս ընկերակցութեան նախագահ Պրն. Արթօ Քիլիմլիի, հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Պրն. Վազգէն Մելտոնեանի եւ Մոնմորանսիի տնօրէնուհի Քրիստին Անսուրեանի կողմէ։ Տիկ. Անսուրեանի առաջնորդութեամբ եւ բացատրութիւններով խումբը շրջագայեցաւ հաստատութեան զանազան բաժանմունքներու մէջ եւ ապա միասնաբար ճաշեցին պատսպարեալներուն հետ։

Հայերն այսօր-ին կը տեղեկացնեն Ֆրանսայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդարանէն, որ Երկրորդ հանգրուանը Կոնէսի ծերանոցն էր, ընկերակցութեամբ Պրն. Թուհատեանի, Քիլիմլիի եւ Մելտոնեանի, ինչպէս նաեւ Իսի Լէ Մուլինոյի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Ա. Քհնյ. Պալըգեանի եւ Տ. Մանուէլ Քհնյ. Ռաշօ-Յովհաննէսեանի։ Տէր Աւետիսն ու Տէր Մանուէլը կանոնաւորաբար կ՚այցելեն այս երկու հաստատութիւնները եւ կը հանդիպին պատսպարեալներուն հետ, իրագործելով Թեմի ծառայական առաքելութիւնը։ Այստեղ եւս հիւրերը շրջագայեցան զանազան բաժանմունքներու մէջ եւ հանդիպեցան պատսպարեալներուն հետ, որոնց հետ գաւաթ մը սուրճի եւ անուշեղէնի շուրջ զրուցեցին։ Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք կը պահպանեն այս հոյակապ հաստատութիւնները մեր երէց սերունդին համար։

Scroll Up