Մարսէյլի Հրապարակներէն Մէկը ՊիտիԿոչուի Սողոմոն Թեհլերեանի Անունով

Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Սողոմոն Թեհլերեանի անունով, որ 1921-ի Մարտ 15-ին Պեռլինի մէջ գնդակահարեց Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Թալէաթ Փաշան:

Հրապարակի բացումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 21-ին: Հանդիսաւոր արարողութեան պիտի մասնակցին Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտին, շարք մը հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, կը յայտնէ Armenian Weekly-ն:

Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են Մարսէյլի քաղաքապետարանը եւ Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը:

1921-ին Թեհլերեան մասնակցած է Դաշնակցութեան Նեմեսիս գործողութեան` առաջադրանք ստանալով սպանել Եղեռնի գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան: Նոյն տարուան Մարտ 15-ին Պեռլինի մէջ ան կը գնդակահարէ Թալէաթը եւ կը ձերբակալուի: Սակայն 1921-ի Յունիս 2-ին գերմանական դատարանը անմեղ կը ճանչնայ զայն:

Scroll Up